ԻՍՐԱՅԷԼ ԿՐԿԻՆ ԿԸ ԹԱՓԱՆՑԷ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Իսրայէլեան ուժեր երէկ կրկին խախտեցին ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին տրամադրութիւնները` թափանցելով Քֆարշուպայի շրջանին մէջ, եւ որոշ ատեն ետք վերստին հեռացան: Իսրայէլեան այս քայլը դատապարտումի եւ ընդվզումի ալիք բարձրացուց պատկան կողմերուն մօտ: Այս եւ յարակից հարցեր աւելի ուշ առանցքը կազմեցին կառավարութեան ընթացիկ նիստի քննարկումներուն:
CATEGORIES Լիբանանեան