ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԵՒ ՏԵՂԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ
Շաբաթասկիզբին, տեղական թէ արաբական թերթերու նիւթերը առաւելաբար կեդրոնացան շրջանային, յատկապէս` Սուրիոյ դէպքերուն ու անոնց առնչուող լիբանանեան արձագանգներուն վրայ: Ներքին իմաստով, Ժոմպլաթի Թուրքիա այցելութիւնը, Պշարա Ռայի պատրիարքի հովուապետական շրջապտոյտը, ընտրական օրէնքը, ինչպէս նաեւ վարչական նշանակումները կարեւոր տեղ գտան երէկ լոյս տեսած թերթերուն մէջ, մինչ միջազգային առումով առանցքային տեղ գրաւեց ամերիկեան տնտեսական տագնապը:
Իսկ վերլուծական մեկնաբանութիւններով հետեւեալ յօդուածները ուշագրաւ էին.
4 էջերու վրայ «Ուսպուհ Արապի» շաբաթաթերթը անդրադարձած է Պուրճ Համուտի հայահոծ շուկային` զայն որակելով «քաղաքակրթութեանց խճանկար» մը:
Ուսումնասիրական այս յօդուածը կը կրէ Ժումանա Նասըրի ստորագրութիւնը:
Յակոբ Ապրիլեանի ստորագրութիւնը կրող յօդուածով մը, լիբանանեան «Պալատ» օրաթերթը իր երէկուան թիւով անդրադարձած է «հայ կաթողիկէներուն մօտ երեսփոխանական ընտրապայքարին»:
Թերթի յօդուածագիրներէն Սամիր Սալհա «Ժոմպլաթ Թուրքիոյ մէջ…» խորագրեալ ակնարկով կ՛անդրադառնայ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի Թուրքիա այցելութեան, ուր ի միջի այլոց կը յիշէ, թէ ինչպէ՛ս անցնող ապրիլի վերջերը Ժոմպլաթ դրուատած էր սփիւռքահայութեան դերը` զայն մղելով փակելու անցեալի ողբերգական եւ երկխօսութեան ձեռնարկելու Թուրքիոյ հետ:
Թերթը այլ յօդուածներով նաեւ կը վերլուծէ Թուրքիոյ կեցուածքները շրջանային, յատկապէս Սուրիոյ դէպքերուն գծով:
«Շարք Աուսաթ»ի յօդուածներուն մէջ ուշագրաւ է նաեւ Չինաստանի թրքական ծագում ունեցող ույղուրներու փոքրամասնութեան վերաբերող յօդուածը:
Դոկտ. Ռաժի Շեքիպ Խուրի երկար յօդուածով մը կը խօսի ասորերէնի այժմու իրավիճակին մասին: Յօդուածը կ՛ակնարկէ նաեւ Հայաստանի, «ուրկէ տարածուած է արամէական ազդեցութիւնը»:
Վերլուծական այլ յօդուածներով «Տիար» կ՛անդրադառնայ լիբանանեան ու շրջանային (Թուրքիոյ ակնարկող) իրադարձութեանց:
Իր երէկուան թիւով «Նահար» հրատարակած է վերջերս «Տիար»ի մէջ լոյս տեսած եւ ասորիներու «Թեպայէն» կայքէջի տնօրէն Մարկրիթ Խաչոյեանի ստորագրութիւնը կրող «Արւելքի քրիստոնեաները դէպի ո՞ւր» խորագրեալ յօդուածը: