ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԻՐ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՊԱՐԶԵՑ ԱՌԿԱԽ ՀԱՐՑԵՐԸ
«Խորհրդարանի նախագահին փոխանցեցի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի նախագահ Ասատին հետ ունեցած խորհրդակցութեանց մթնոլորտը», յայտնեց Լիբանանի մօտ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզ երէկ` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին կատարած իր այցելութենէն ետք:
«Այս առիթով քննարկեցինք նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դէմ գործուած յարձակումն ու անոր դատապարտումը, ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի Իսրայէլի կողմէ խախտումը եւ լիբանանեան ծովային սահմաններու ճշդումը, ինչ որ խիստ կարեւոր է Լիբանանի ապագային առնչութեամբ», ընդգծեց Ուիլիըմզ:
Նախքան այդ, խորհրդարանի նախագահը երէկ ընդունեց նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին` ներկայութեամբ Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Մոհամետ Պաալպեքիի:
Նմանապէս Պըրրի երէկ անջատաբար խորհրդակցութիւններ ունեցաւ նախկին երեսփոխան Էլի Սքաֆի, ապա խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի հետ: