ԱՆԳԼԻԱ – ՀՈԼԱՆՏԱ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄԸ ՋՆՋՈՒԵՑԱՒ
Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, սկզբունքով այսօր` չորեքշաբթի, 10 օգոստոսին, Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը «Ուեմպլի»ի մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէր Հոլանտան:
Սկզբունքով այս մրցումը կը խոստանար ըլլալ նոյնքան հետաքրքրական, քան ինչ որ պիտի ըլլային Գերմանիա – Պրազիլ, Իտալիա – Սպանիա կամ այլ ճակատումներ:
Սակայն Անգլիոյ մէջ տիրող անապահով կացութեան պատճառով Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը նշեալ մրցումը ջնջեց:
CATEGORIES Մարզական

