ԹԵՆԻՍ. «ՌՈՃԸՐԶ ՔԱՓ». ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԴՈՒՐՍ ՄՆԱՑ ՄՐՑԱՇԱՐՔԷՆ
Մոնրէալի մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Ռոճըրզ Քափ»ի միջազգային մրցաշարքի Ա. հանգրուանին իր կատարած մրցումին, արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան 6-1 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք զուիցերիացի Սթանիսլաւ Վաւրինքայէն, դուրս մնաց մրցաշարքէն: Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց 1 ժամ եւ 9 վայրկեան:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ 26 տարեկան Վաւրինքա ոչ միայն ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը, այլ նաեւ 6-3 արդիւնքով գերազանցեց Նալպանտեանը (երկու մարզիկներուն միջեւ ցարդ տեղի ունեցած հանդիպումներուն):
CATEGORIES Մարզական