ՀԱՐԹ ԻՐ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՆԳ ՏԱՐԻՈՎ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵՑ ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ՍԻԹԻԻ ՀԵՏ
Մանչեսթըր Սիթիի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին մաս կազմող անգլիացի բերդապահ Ճօ Հարթ իր պայմանագրութիւնը հինգ տարիով երկարաձգեց` այսպիսով համաձայն գտնուելով իր ակումբին շապիկը կրել մինչեւ 2016:
Նախորդ տարեշրջանին Շէյ Կիվընի Ասթոն Վիլա փոխանցումը պատճառ դարձաւ, որ 24 տարեկան Հարթ հանդիսանայ խումբին հիմնական բերդապահը:
Սիթիի կողմէ, այս պայմանագրութեան երկարաձգման գծով թէեւ ոչինչ յայտարարուեցաւ, սակայն ըստ անգլիական մամուլին, անոր ամսականը եռապատկուեցաւ:
CATEGORIES Մարզական