ՓՈՐԹՈՒԳԱԼԻ ԳԵՐԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՓՈՐԹՕ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Փորթուգալի ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Փորթօ եւ Կիմարաէշ:

Նախորդ տարեշրջանին հերթրիք մը իրագործած (ախոյեանութիւն, Եուրոփա լիկ եւ բաժակ) Փորթօ յաջորդաբար բաժակը, երբ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը:

Փորթօ ի կոլերը նշանակեց 3-րդ եւ 40-րդ վայրկեաններուն, իսկ Կիմարաէշ` 32-րդ վայրկեանին:

Փորթօ, որ այսպիսով իր նոր մարզիչին` Վիթոր Փերէյրայի հետ տիրացաւ իր առաջին տիտղոսին, յառաջիկայ 26 օգոստոսին, Եւրոպայի գերբաժակի մրցաշարքի ծիրին մէջ պիտի մրցի Պարսելոնայի դէմ (Մոնաքոյի մէջ):

 

Share this Article
CATEGORIES