ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՀՄԸՄ-Ի ԵՒ ՀՄՄ-Ի ԿԱՏԱՐԵԼԻՔ ԵՐԹԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ
Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը շաբաթասկիզբին իր գումարած հերթական նիստին ընթացքին որոշ փոփոխութիւններու ենթարկեց Լիբանանի ֆութպոլի Բ. եւ Գ. դասակարգերու ախոյեանութեան 2011- 2012 տարեշրջանի երթի մրցումներուն յայտագիրը:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ մաս կը կազմէ Գ. դասակարգի Գ. խմբակին, յաջորդաբար պիտի մրցի` Թատամոն Պէյրութի, Շեպիպեթ Մազրաայի, Նըժմեթ Սահրայի, Իթթիհատ Հարեթ Նաամէի եւ Ուաֆաա Նապի Շիթի դէմ:
Ինչ կը վերաբերի, ՀՄՄ-ի, որ մաս կը կազմէ Բ. դասակարգի Բ. խմբակին, անիկա Ա. հանգրուանին մրցում չունի կատարելիք` նկատի ունենալով, որ այս խմբակին խումբերը անզոյգ են (եօթը խումբ):
Բ. հանգրուանէն սկսեալ ՀՄՄ-ի մրցակիցները պիտի ըլլան Իրշատ, Շապապ Ղազիէ, Խըյուլ, Իսլահ Պըրժ Շիմալի, Ֆաժըր Արապսալիմ եւ Ահլի Նապաթիէ:
Ստորեւ կու տանք ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՄՄ-ի կատարելիք երթի մրցումներուն յայտագիրը.
Գ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ
ՈՒՐԲԱԹ, 11 ՆՈՅԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
ՀՄԸՄ – Թատամոն Պէյրութ 2:15 Պուրճ Համուտ
ԿԻՐԱԿԻ, 20 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
ՀՄԸՄ – Շեպիպեթ Մազրաա 2:15 Պուրճ Համուտ
ՇԱԲԱԹ, 26 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
Նըժմեթ Սահրա – ՀՄԸՄ 2:15 Սին Էլ Ֆիլ
ՇԱԲԱԹ, 3 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
Իթթիհատ Հարեթ Նաամէ – ՀՄԸՄ 2:15 Անսար
ԿԻՐԱԿԻ, 11 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
ՀՄԸՄ – Ուաֆա Նապի Շիթ 2:15 Պուրճ Համուտ
Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ
ՇԱԲԱԹ, 29 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Իրշատ – ՀՄՄ 3:30 Նըժմէ
ԿԻՐԱԿԻ, 6 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
ՀՄՄ – Շապապ Ղազիէ 2:15 Պուրճ Համուտ
ՇԱԲԱԹ, 12 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
ՀՄՄ – Խըյուլ 2:15 Պուրճ Համուտ
ՈՒՐԲԱԹ, 18 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
Իսլահ Պըրժ Շիմալի – ՀՄՄ 2:15 Սուր
ԿԻՐԱԿԻ, 27 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
ՀՄՄ – Ֆաժըր Արապսալիմ 2:15 Պուրճ Համուտ
ՇԱԲԱԹ, 3 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
Ահլի Նապաթիէ – ՀՄՄ 2:15 Քֆարժոզ