ՀԵԾԵԼԱՐՇԱՒ. ՀՄԸՄ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ 2-ՐԴ ԵՒ 3-ՐԴ
Կազմակերպութեամբ Աամալ Պիքֆայայի եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, կիրակի, 7 օգոստոսին, Պիքֆայայի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ հեծելարշաւի մրցաշարք մը (20 քմ)` մասնակցութեամբ` աւելի քան քառասուն հեծելանւորդներու:
Մասնակցողներուն կարգին էին նաեւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները:
Այս մրցաշարքին, որ աւարտեցաւ սփրինթով, առաջին դիրքը գրաւեց Զահեր Հաժ (Աամալ Պիքֆայա): Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ դիրքը գրաւեցին Հայկ Մելիքեան (ՀՄԸՄ) եւ Սալահ Ռապպահ (ՀՄԸՄ):
Աւարտին մրցանակաբաշխութիւնը կատարեց Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան:
CATEGORIES Մարզական