«ԱԶԴԱԿ»Ի ԿԱՅՔԷՋԻ ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԲԱԺԻՆԻ ՕԳՈՍՏՈՍԻ ՆՈՐ ՆԻՒԹԵՐԸ

Օգոստոս ամսուան խմբագրականը կը վերաբերի վերջերս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն եւ իշխանութիւններուն կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն: Անիկա կը կրէ «Ծայրայեղական Հայաստան»ն ու «չափաւորական սփիւռքը» խորագիրը:

Վերլուծական յօդուածներու կարգին կը կարդանք Մարկրիթ Խաչոյեանի գրիչին պատկանող եւ «Արեւելքի քրիստոնեաները դէպի ո՞ւր» խորագիրը կրող գրութիւնը, որուն մէջ յատուկ կերպով լուսարձակի տակ կ՛առնուին Իրաքի մէջ քրիստոնեաներուն դէմ տեղի ունեցող բռնութիւնները եւ քրիստոնէական եկեղեցիներուն դէմ կատարուած պայթումները. ապա յօդուածագիրը կ՛անդրադառնայ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ ժողովուրդին ունեցած մեծ դերակատարութեան ու կարեւորութեան եւ զայն պահպանելու հրամայականին:

Այլ յօդուածով մը լուսարձակի տակ կ՛առնուին Լեռնային Ղարաբաղի եւ պաղեստինեան տագնապները, անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող հասարակաց գիծերը, իւրաքանչիւրին պարագան, ծալքերը, քաղաքական խորքն ու պայմանները: Շեշտը կը դրուի այն հանգամանքին վրայ, որ երկու ժողովուրդներն ալ կառչած են իրենց հողին եւ իրաւունքներուն:

Հայութեան եւ Հայ դատին վերաբերող յօդուած մը ստորագրած է Ապտել Քերիմ Սալեհ Մուհսին, որ մանրամասնօրէն անդրադարձած է ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական, աշխարհագրական, միջազգային մակարդակի վրայ պարզած կարգավիճակին: Ապա աւելի ետեւ դարձնելով պատմութեան էջերը` գրողը հասած է մինչեւ 1915 թուական, Հայոց ցեղասպանութիւն, Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած բռնարարքներն ու սպանդը:

«Բարեկամներ կը գրեն» բաժինին մէջ կը կարդանք Նոպելեան մրցանակակիր, Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսած եւ գրած Օրհան Փամուքի, անոր ստեղծագործութիւններուն, գաղափարներուն եւ կեանքի տարբեր երեւոյթներուն նկատմամբ ունեցած մօտեցումներուն մասին յօդուած մը:

Այլ գրութեամբ մը լուսարձակի տակ կ՛առնուի հայու մը կերպարը` պաղեստինեան պատմուածքի մը մէջ:

Լուրերու կարգին կը կարդանք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զբօսաշրջութեան մարզի աշխուժացման, Նորվեկիոյ մէջ ոճիր գործած անձին թրքատեաց ըլլալուն մասին: Այս բաժինին մէջ տեղ գտած են նաեւ Հայաստանի ճատրակի խումբին արձանագրած ախոյեանութեան, Հրանդ Տինքի սպանութեամբ ամբաստանուած անձին ստացած պատիժին, Պաղտատի պասքեթպոլի աղջկանց խումբին յաղթանակին եւ այլ նիւթերու վերաբերող լուրեր:

Գրականութեան բաժինով ներկայացուած է բանաստեղծ Յակոբ Յակոբեանն ու անոր ստեղծագործական աշխարհը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES