ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՆԻՍՏԻ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ ՔՆՆԱՐԿԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԽՌՈՎԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆՑ ՀԱՐՑԸ

Տէյվիտ Քամերոն

Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն յայտնեց, որ բրիտանական խորհրդարանը  հինգշաբթի օր հրաւիրուած է նիստի մը` քննարկելու համար երկրին տարբեր քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցող խռովարարութեանց հարցը: Քամերոն իր արձակուրդը ընդհատելով վերադարձած էր իր գրասենեակ եւ ոստիկանութեան ու ապահովական մարզի ղեկավարներուն հետ ժողով մը գումարած:

Ան դատապարտեց բռնարարքները` զանոնք նկատելով «ոճրագործութիւն® պարզ եւ յստակ կերպով»: Քամերոն խոստացաւ ապահովական միջոցառումները ամրապնդել` նշելով, որ երեքշաբթի գիշեր մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ ոստիկաններուն թիւը 6000-էն պիտի բարձրանայ 16000-ի: Ան նաեւ խոստացաւ ձերբակալութիւններ կատարել:

Անցնող երեք օրերուն ընթացքին Լոնտոնի մէջ 450 անձեր ձերբակալուած են: Երկուշաբթի օր Լոնտոնի մէջ 44 ոստիկաններ վիրաւորուած են:

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ օրեր առաջ Լոնտոնի մէջ սկսած խռովարարութիւնները վարակած են Պըրմինկհամը, Լիվըրփուլը, Մանչեսթըրն ու Պրիսթըլը: «Պի.Պի.Սի.» վկայակոչելով բրիտանական ոստիկանութիւնը կը հաղորդէ, որ Պըրմինկհամի մէջ խռովարարութիւնները սկսած են 8 օգոստոսի երեկոյեան: Խումբ մը երիտասարդներ յարձակած են խանութներու եւ քաղաքի կեդրոնը գտնուող ՄաքՏոնալտզ ճաշարանին վրայ: Կը հաղորդուի, որ ձերբակալուած են 100 խռովարարներ, որոնց շարքին` անչափահասներ:

Լիվըրփուլի մէջ փողոց իջած են շուրջ 200 երիտասարդներ` դիմակներով, անոնք գործած են տարբեր տեսակի անօրինութիւններ: Պրիսթըլի մէջ խռովարարութեանց մասնակցած են 150 անձեր:

«Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը մէկ օր առաջ հաղորդած էր, որ 7 օգոստոսի երեկոյեան անկարգութիւններ տեղի ունեցած են Լոնտոնի հիւսիսային մասին մէջ գտնուող Էնֆիլտ թաղամասին մէջ:

Խռովութիւններուն մասնակցած են առնուազն երկու հարիւր անձեր: Անոնք թաղամասին մէջ ջարդած են խանութներու ցուցափեղկեր, ինչպէս նաեւ յարձակում գործած են ոստիկանական մեքենաներու դէմ:

Սքոթլանտ Եարտի ներկայացուցիչները հաստատած են, որ քանի մը անձեր ձերբակալուած են:

Նոյն օրը խռովութիւններ տեղի ունեցած էին Լոնտոնի Թոթենհամ թաղամասին մէջ: Խռովարարութեանց պատճառը Թոթենհամի մէջ ոստիկանութեան հետ հրացանաձգութեան մը ընթացքին երիտասարդի մը սպանութիւնն է:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES