ԵԱԱԼՈՆ ԻՍՐԱՅԷԼԷՆ ՆԵՐՈՒՄԻ ՀԱՅՑԻ ԹՐՔԱԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋԸ «ԱՆԱՄՕԹ» ԿԸ ՆԿԱՏԷ
Իսրայէլի առաջին փոխվարչապետ Մոշէ Եաալոն յայտնեց, որ «Թուրքիոյ այն պահանջը, որ Իսրայէլ «Մարմարա» նաւուն դէպքին համար Անգարայի կառավարութենէն ներում հայցէ եւ զոհերուն հարազատներուն հատուցում վճարէ, անամօթութիւն պարունակող պահանջ մըն է»:
Ան յայտնեց, որ դէպի Կազա Թուրքիայէն ընթացք առած անցեալ տարուան նաւարկումը «գրգռութիւն» մըն էր եւ «անոր պատասխանատուութիւնը Անգարայի կառավարութիւնը կը կրէ»:
Եաալոն նշեց, որ դէպի Կազա «Թուրքիա մէկ կողմէ կ՛ուզէ Իսրայէլը անկիւնը բերել, իսկ միւս կողմէ` արաբական երկիրներուն եւ Համաս ու Հըզպալլա շարժումներուն մօտ իր ժողովրդականութիւնը բարձրացնել»: Ան համոզում յայտնեց, որ «Իսրայէլի նկատմամբ թրքական քաղաքականութիւնը պիտի չփոխուի, նոյնիսկ եթէ Իսրայէլ Անգարայէն ներում հայցէ»:
CATEGORIES Միջազգային