ԱՐՄԷՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՉԻ ՆԿԱՏԵՐ

Արմէն Մարտիրոսեան

Ընդդիմադիր Ժառանգութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Մարտիրոսեան համոզում յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ  արտակարգ նախագահական ընտրութիւններուն կայացումը հաւանական չէ:

Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հարցումին` երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, Մարտիրոսեան յայտնեց, որ նմանատիպ քաղաքական հանգրուան մը կարծես թէ չկայ այս պահուն դրութեամբ, ընդդիմութեան մէկ հատուածը (Հայ ազգային քոնկրեսը) շատ ուժեղ ձեւով կ՛աջակցի իշխանութեան, որպէսզի բաւական ուժեղ, միջազգային հանրութեան առջեւ բաւական ներկայանալի նախագահ ըլլայ: «Բնականաբար, այսպիսի ուժեղ  նախագահը ի՞նչ կարիք ունի արտակարգ ընտրութիւններ կատարելու», հարց տուաւ Մարտիրոսեան:

Ինչ կը վերաբերի արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, ապա Մարտիրոսեան նշեց, որ իշխանութիւնները այդ քայլին պիտի դիմեն միայն այն պարագային, երբ վստահ ըլլան, որ այդ ընտրութիւններուն մէջ շատ մեծ առաւելութիւն պիտի ունենան:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք Րաֆֆի Յովհաննիսեանի հիմնադրած Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը պատրա՞ստ է մասնակցելու այդ ընտրութիւններուն, Արմէն Մարտիրոսեան շեշտեց, որ Ժառանգութիւնը անպայման կը մասնակցի: «Մենք պատրաստ ենք որեւէ քաղաքական հոլովոյթի` որեւէ ժամանակաշրջանի ընթացքին: Ժառանգութեան մատուցած ծառայութիւնը այս չորս տարիներուն ընթացքին մեզի հիմք կու տայ ենթադրելու, որ Ժառանգութիւնը իր արժանի ձայնը պիտի ունենայ նոր խորհրդարանին մէջ: Որեւէ մտավախութիւն չկայ այդ առումով», նշեց Մարտիրոսեան:

Անդրադառնալով Հայ ազգային քոնկրես-իշխանութիւն շարունակուող երկխօսութեան` Մարտիրոսեան ընդգծեց, որ հայկական ֆիլմաշարեր դիտել չի սիրեր:

Ան նշեց, որ Հայաստանի մէջ ֆիլմաշարը լուրջ քաղաքականութիւն է, որպէսզի հանրութիւնը շեղի իսկական խնդիրներէն եւ չունենայ զարգացման կարելիութիւն: Ըստ անոր, ասիկա լուրջ խնդիր է:

Իսկ պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք հաւանական կը նկատէ՞ յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընթացքին Ժառանգութեան համագործակցութիւնը Հայ ազգային քոնկրեսին հետ, Արմէն Մարտիրոսեան արձագանգեց, որ իրենք միշտ բաց են համագործակցութեան համար, բայց իրենց համար կարեւոր է, թէ ինչի՛ շուրջ կը համագործակցին: Ըստ անոր, Ժառանգութիւնը մշտապէս համագործակցած է որոշակի խնդիրներու շուրջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES