ԱՂԹԱՄԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ 11 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան յայտարարած է, որ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ այս տարուան պատարագը տեղի պիտի ունենայ 11 սեպտեմբերին:
Ան յոյս յայտնած է, որ պատարագի արարողութիւնը անցնի հանգիստ պայմաններու մէջ` առանց որեւէ խոչընդոտի: «Անցեալ տարի որոշ բողոքներ եղան այն պատճառով, որ եկեղեցւոյ գմբեթին խաչը տեղադրուած չէր: Այս տարի խաչը տեղադրուած է եւ որեւէ հարց չկայ: Յոյսով ենք, որ ամէն ինչ անցնի հանգիստ պայմաններու մէջ», ըսած է սրբազանը:
Թրքական «ԻՀԱ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Աթեշեան սրբազան. այցելած է Վանի նահանգապետին եւ անձամբ տեղեկութիւններ ստացած է Ս. Խաչի մէջ մատուցուելիք պատարագի նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին:
Հանդիպումին ընթացքին Վանի նահանգապետ Մունիր Քարաօղլու նշած է, որ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տարին մէկ անգամ պատարագ մատուցելու արտօնութիւն տալու եւ այդ պատարագը կազմակերպելու իրաւունքը փոխանցած է Վանի նահանգապետարանին: «2010-ին առաջին պատարագը մատուցուեցաւ: Այս տարի դարձեալ պատրիարքարանին հետ միասնաբար 11 սեպտեմբերին պատարագ պիտի կազմակերպուի: Այսօր այդ աշխատանքներուն կազմակերպման հարցը պիտի քննարկենք Արամ արք. Աթեշեանի հետ: Յոյսով եմ, որ այս տարի եւս պատրիարքարանին հետ մեր միասնական աշխատանքին իբրեւ արդիւնք պատարագը պիտի մատուցուի առանց բացթողումներու», նշած է Վանի նահանգապետը: