«ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԻՏԻ ՉԵՐԹԱՆ» Կ՛ԸՍԷ ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Հրանդ Մարգարեան

ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան երէկ յայտարարեց, որ իշխանութիւնները արտակարգ ընտրութիւններու պիտի չերթան:

Մարգարեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին ընդգծեց, որ արտակարգ ընտրութիւններ տեղի պիտի չունենան, պարզապէս Հայ ազգային քոնկրեսը եւ իշխանութիւնը կը փորձեն երկխօսութեամբ «զբաղեցնել ժողովուրդը», ինչպէս նաեւ` սեփականաշնորհել քաղաքական դաշտը եւ ժամանակ շահիլ մինչեւ հերթական ընտրութիւններ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ երկու կողմերը ինչո՞ւ կը փորձեն ժամանակ անցընել, Մարգարեան նշեց. «Որովհետեւ ուրիշ ելք չկայ: Այն քաղաքականութիւնը, որ իրենք որդեգրած են անցնող 3-4 տարիներուն ընթացքին, իրենց այլ ելք չի ձգեր»: Ան աւելցուց, որ «անոնք պէտք է բանով մը զբաղեցնեն, որ ալիքը բարձր մնայ` յոյս ունենալով, որ այդ ալիքին վրայ իրենք որոշ յաջողութիւն ունենան յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընթացքին»:

Իսկ անդրադառնալով այն հարցումին, որ եթէ արտակարգ ընտրութիւններ ըլլան, արդեօք Դաշնակցութիւնը պիտի մասնակցի՞ անոնց, Մարգարեան շեշտեց, որ իրենք պատրաստ են որեւէ ընտրութեան, ներառեալ նաեւ արտակարգ:

Share this Article
CATEGORIES