ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ԻՐԱԶԵԿ աղբիւրներու համաձայն, Լիբանան կը պատրաստուի բողոք ներկայացնելու ՄԱԿ-ի մօտ` հարաւային Լիբանանի սահմաններուն երկայնքին իսրայէլեան կրկնուող ոտնձգութեանց դէմ: Այս գծով արտաքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել քուլիսներու ետին ձեռնարկած է դիւանագիտական խորհրդակցութիւններու, յատկապէս պատկան պետութեանց դեսպաններուն հետ: Միւս կողմէ, իսրայէլեան առանց օդաչուի օդանաւեր շրջեցան հարաւային Լիբանանի վերեւ` կազի հանքերու ծովային տարածքները Հըզպալլայի հաւանական յարձակումներէն պաշտպանելու համար:

ԵԼԵՒՄՏԱԳԷՏ եւ դրամատնային մասնագէտ Ուալիտ Ապու Սլէյմանի կարծիքով, ներկայ ընթացքով` մէկ օնս ոսկիի սակը կրնայ բարձրանալ 1850 տոլարի` հասնելով մինչեւ 2000 տոլարի սահմանները:

ՃՇԴՈՒԱԾ ժամկէտի աւարտէն 24 ժամ առաջ ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզա նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով Միջազգային դատական ատեանի պատկան կողմերուն փոխանցեց, թէ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով չորս ամբաստանեալները կարելի չէ եղած տեղեակ պահել իրենց բերման գիրերուն բովանդակութենէն:

«ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԸ բայց ոչ պատերազմը կորսնցուցինք», յայտնեց երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր` ցաւ յայտնելով որ կարելի չեղաւ վաւերացնել բանտարկութեան տարին ինը ամիսով փոխարինելու օրինագիծը:

ՊԱՏԱՐՈՅԻ երկու անջատ վայրերու մէջ Ս. Աստուածածնի մատուռները խափանարարական արարքի ենթարկուեցան նախանցեալ գիշերուան ընթացքին` դատապարտումի եւ ընդվզումի լայն ալիք բարձրացնելով շրջանի բնակչութեան եւ պատասխանատուներուն մօտ: Նշենք, որ մօտիկ անցեալին նմանօրինակ դէպքեր դարձեալ պատահած էին նոյն վայրին մէջ:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Սամիր Մուքպել այսօր Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ, դատախազ Իսամ Սլէյմանին այցելելով պիտի բացայայտէ իր ունեցած կայուն ու շարժական ունեցուածքները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES