ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ

Դեսպան Ապատի եւ նախարար Լայեուն

«Ապագան կը պատկանի իրաւունքի, իրականութեան եւ արդարութեան տէր մարդոց», յայտարարեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի երէկ մշակոյթի նախարար Կապի Լայեունի տուած իր շնորհաւորական այցելութեան առիթով: Իրանի մշակոյթի նախարարին շնորհաւորութիւնները փոխանցելով` դեսպան Ապատի նախարար Լայեունի հետ քննարկեց շրջանային ու տեղական իրադարձութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES