«ՀԱՊԹՈՒՐ» ՊԱՆԴՈԿԻՆ ՄԷՋ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԶԱՏ ՀՈՍԱՆՔ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՆՇԵՑ 1989-Ի «ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄ»ԻՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն անցեալ շաբաթավերջին «Հապթուր» պանդոկին մէջ հովանաւորեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ընթրիքի երեկոն, որ նուիրուած էր 14 մարտ 1989-ին զօր. Աունի գլխաւորած զինուորական կառավարութեան կողմէ սուրիական ներկայութեան դէմ շղթայազերծուած «Ազատագրութեան պատերազմ»ի տարեդարձին: Երեկոյին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ զօր. Աուն շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը կարելի է ապազինել միայն երբ վերջ կը գտնեն այն պատճառները, որոնք մղած են այդ զէնքը բարձրացնելու:
Զօր. Աուն յայտնեց, որ այս պայմաններուն տակ Դիմադրութեան ապազինումը պահանջելը կը ծառայէ թշնամի Իսրայէլի շահերուն:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ Դիմադրութեան զէնքն է, որ միշտ թիրախ կը դառնայ եւ այլոց կողմէ մղում կը տրուի, որ այդ զէնքը օգտագործուի, ինչպէս պատահած էր 7 մայիսին, որուն պատճառը անշուշտ 5 մայիսի որոշումներն էին:
«Աստուած մի՛ արասցէ, որ նման դէպք պատահի, իսկ եթէ պատահի, ապա այդ դէպքը հրահրողները արժանի կ՛ըլլան անոր», ըսաւ ան:
Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի մասին խօսելով` զօր. Աուն շեշտեց, որ անոր սպանութենէն ետք զայն հազար անգամ եւս սպաննած են` աւելցնելով, որ Հարիրի դարձած է իր ընտանիքին եւ ոչ թէ լիբանանցի ժողովուրդին նահատակը, այնքան որ անոր անունը չարաչար օգտագործուած է:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը հաստատեց, որ Հարիրիի սպանութեան առնչուող սուտ վկաներուն ստեղծման եւ անոնց հարցաքննութեան խոհանոցը Հարիրիի բնակարանն է:
Զօր. Աուն ընդգծեց, որ Դիմադրութիւնը իր գոյութիւնը կ՛արդարացնէ ՄԱԿ-ի ուխտով, ո՛չ սահմանադրութեամբ եւ ո՛չ ալ արտօնութեամբ, որովհետեւ ժողովուրդ մը իրաւունք ունի իր բոլոր միջոցներով պաշտպանելու իր հողը:
«Հետեւաբար, ո՛չ Միացեալ Նահանգները, ո՛չ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը, ո՛չ Իսրայէլը եւ ո՛չ ալ Միջազգային դատական ատեանը, որուն նպատակն է Դիմադրութեան զինաթափումը, կրնան ապազինել Դիմադրութիւնը, որովհետեւ անոր իրաւունքը կը տրուի ՄԱԿ-ի կողմէ», եզրափակեց զօր. Աուն:


