ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ, ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԵՒ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐՆԵՐ

Նախագահ Սլէյման եւ Արիտի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, որ մնայուն կապի մէջ է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` կառավարութեան կազմութեան հարցով, անցեալ շաբաթավերջին նախագահական պալատին մէջ ստանձնեց եւ պատասխանատուներուն հետ քննարկեց շարք մը տեղեկագիրներ, որոնց մեծ մասը քաղաքական, ապահովական եւ դիւանագիտական տեղեկագիրներ են:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտին, որուն հետ քննարկեց վերջինիս նախարարութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:

Նախագահական պալատին այցելուներէն եղան նաեւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնակատար զօր. Ռեմոն Խաթթար եւ լիբանանեան բանակի վարչական բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապտել Ռահման Շհայթլի, որուն հետ հանրապետութեան նախագահը քննարկեց բանակին կարիքները, Ղաժար գիւղաքաղաքի կացութիւնը եւ սահմանային Կապոյտ գիծին մօտ տիրող կացութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES