ՇԱՐԺՄԱՆ Զ. ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ` ՄԱՐՏ 14-Ի ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐԸ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑԻՆ ԱՊԱԶԻՆԵԼՈՒ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

Նահատակաց հրապարակին վրայ համախմբուած բազմութիւնը

Նահատակաց յուշարձանի շրջակայքը ողողած տասնեակ հազարաւոր համակիրներու ներկայութեան, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը երէկ նշեցին 14 մարտ 2005-ի ցոյցին` այսպէս կոչուած Մայրիներու յեղափոխութեան Զ. տարեդարձը:

Ներկայութեամբ նախկին վարչապետներ Սաատ Հարիրիի եւ Ֆուատ Սինիորայի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի, Նախ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամներուն եւ Մուսթաքպալ հոսանքի նախարարներուն, հրապարակին վրայ տիրեց տօնական մթնոլորտ, իսկ արտասանուած բոլոր խօսքերը կեդրոնացան միայն Դիմադրութեան զէնքին եւ անոր զինաթափումին վրայ` նկատել տալով, որ այդ զէնքը վտանգաւոր է եւ ուժ կը բանեցնէ լիբանանցիներուն դէմ:

Առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00 տեւած հաւաքին ընթացքին, օրուան բանախօսները անդադար խօսեցան Դիմադրութեան զէնքին մասին եւ դատապարտեցին այդ զէնքը լիբանանցիներուն դէմ բարձրացնելու քայլերը:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի բեմ բարձրանալէ եւ ներկաները ողջունելէ ետք անմիջապէս հանեց իր բաճկոնը, ապա փողկապը եւ շապիկին թեւերը սոթտելով ըսաւ, թէ ինք կը փափաքի խօսիլ լիբանանցի երիտասարդ ու երիտասարդուհիներուն նման, որոնք կ՛ուզեն ազատ շնչել, ազատ խօսիլ եւ իրենց ձայնը բարձրացնել:

Հարիրի շեշտեց, որ ինք հրապարակ ժամանած է պարզապէս հարց տալու իրենց, թէ արդեօք անոնք կ՛ընդունի՞ն զէնքի ուժին ենթարկուիլ եւ անով կառավարուիլ. անոր հարցումին յաջորդեց «Ո՛չ» պատասխանը:

Սաատ Հարիրի ընդգծեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը մերժեն զէնքը, կը մերժեն զէնքի ուժով կազմուած կառավարութիւնը, ինչպէս նաեւ կը մերժեն`  որ յաջորդ կառավարութիւնը ջնջէ Միջազգային դատական ատեանին հետ իր գործակցութիւնը:

Հարիրի կ՛արտասանէ իր ճառը

Հարիրի շեշտեց, որ անկարելի է զէնք բարձրացնել լիբանանցի ժողովուրդին կամքին դէմ, ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան դէմ:

«Անկարելի է, որ մէկը 20 տարի իշխանութիւն ստանձնէ եւ ապա իշխանութեան փոխանցման կարեւորութեան մասին դասեր տայ, պարզապէս որովհետեւ եթէ մէկը համարձակի մտածել իր դէմ իբրեւ մրցակից թեկնածութիւն առաջադրելու մասին, ան զէնքեր կը տարածէ Լիբանանի փողոցներուն մէջ: Անկարելի է, որ ղեկավար մը մեր համոզումները բաժնէ եւ տարիներ շարունակ արդարութեան հաստատումին ու ճշմարտութեան բացայայտումին մասին խօսի, սակայն աւելի ուշ լքէ այդ համոզումները, որովհետեւ զէնքի ուժ կրնայ բանեցուիլ իր զաւակներուն եւ ամբողջ Լիբանանի դէմ: Անկարելի է նաեւ մոռնալ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին, որ ո՛չ միայն իր ընտանիքին նահատակն է, այլ` նաեւ ձեր, որովհետեւ դո՛ւք էք Ռաֆիք Հարիրիի եւ Լիբանանի ընտանիքը», եզրափակեց Հարիրի` դիմելով նահատակաց հրապարակին վրայ համախմբուած բազմութեան:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին ժեմայէլ իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ այլեւս ոչ մէկ ապօրինի զէնք ընդունելի է իրենց համար: «Չենք ուզեր մուտք գործել այն մանրամասնութիւններուն մէջ, թէ այդ զէնքը որո՞ւն ձեռքն է, ի՞նչ ձեւով եւ որո՞ւն դէմ կը գործածուի: Մեզի համար այդ մէկը տարբերութիւն չունի, որովհետեւ մեր կեցուածքը յստակ է եւ անիկա ուղղուած է ապօրինի զէնքին դէմ: Մենք կը հաւատանք, որ զէնքը պէտք է միայն պետութեան մօտ ըլլայ, որպէսզի պետութիւնը վայելէ իր ամբողջական գերիշխանութիւնը», շեշտեց ան: Ժեմայէլ հաստատեց, որ իրենք կը մերժեն «զէնքի պետութիւն»ը եւ անոր ենթարկուիլը:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ առանց պետութեան իրենք կեանք չունին` միաժամանակ նշելով, որ եթէ երկրին մէջ ուրիշ փոքր պետութիւններ կան, ապա այդտեղ պետութեան կերտումը անկարելի է:

Ժահժահ յայտարարեց սկիզբը Մայրիներու Բ. յեղափոխութեան, որուն նպատակը պիտի ըլլայ ջնջել փոքր պետութիւնը եւ կերտել լիբանանեան հզօր պետութիւն:

«Ոչ ոք թող մտածէ կամ կարծէ, թէ այդ մէկը անկարելի է», ըսաւ ան:

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մօտ աւանդութիւն դարձած շիի անձնաւորութեան մը խօսք տալու շնորհը այս անգամ տրուեցաւ երեսփոխան Ղազի Եուսեֆին, որ մերժեց լիբանանցի համաքաղաքացիներուն դէմ զէնք բարձրացնելու, ինչպէս նաեւ որոշ համայնքի մը կողմէ այլ համայնքներու վրայ իշխելու եւ անոնց տիրապետելու փորձերը:

Աշխատանքի նախարար Պութրոս Հարպ իր արտասանած խօսքով կոչ ուղղեց Դիմադրութեան եւ հակառակորդ քաղաքական կողմերուն գործակցելու, որպէսզի կարելի ըլլայ տապալել թշնամիները, ինչպէս նաեւ կարելի ըլլայ զարգացնել լիբանանեան պետութիւնը` զայն դարձնելով քաղաքացիական պետութիւն:

Պետական նախարար Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ ինչ ալ ըլլան պայմանները, իրենք պիտի մերժեն զէնքի իշխանութեան տակ ըլլալ կամ ենթարկուիլ այս կամ այն քաղաքական ուժին սպառնալիքներուն:

«Ազատութիւն, ժողովրդավարութիւն, հզօր պետութիւն մը  եւ արդարութիւնը կարելի չէ զէնքի ուժով իրականացնել, ինչպէս նաեւ կարելի չէ զէնքի ուժով ամրապնդել երկրին ազգային միասնականութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը», ըսաւ Ֆարաոն:

Խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի շեշտեց, որ լիբանանցիներուն համար անընդունելի է փակել արդարութեան էջը եւ ծածկել ճշմարտութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնք պիտի մերժեն երկրին մէջ քաղաքական սպանութիւններուն վերադարձը:

Մքարի նկատել տուաւ, որ լիբանանցիները կը մերժեն, որ երկրին քաղաքական գործունէութիւնը վստահուի եւ վերստին յանձնուի գաղտնի սպասարկութեան:

Share this Article
CATEGORIES