50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (11 օգոստոս 1961)

ՏԵՍԱՅ ՍԵՒԱՆԸ

(ԽԱՊՐԻԿՆԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ)

«Արմենիա» պանդոկի վարչութիւնը կը կազմէ «Ինտուրիստ»ը: Սա ամէնէն կարեւոր կազմակերպութիւններէն մէկն է, որուն յանձնուած է կապ պահել արտասահմանի հետ: Իր համառօտ յորջորջումն է «Աուքս»: Այս կազմակերպութեան վերին պետն է հայ կին մը` Բերսաբէ Գրիգորեան, շատ օժտուած, կարող եւ պատրաստուած անձ մը: Պանդոկի ներքին պաշտօնեաներուն թիւը շատ մեծ է. իւրաքանչիւր բաժին իր պետն ունի, իսկ տնօրէնութիւնը կը վարէ Պերճ Մեսրոպեան, համակրելի եւ ուշիմ երիտասարդ մը: Իր կազմած պրոգրամին համաձայն, ինծի առաջնորդ կը տրուի օր. Ալեքսանեան, որ պարտաւոր է «Արմենիա»ի յատուկ ինքնաշարժով մը զիս առաջնորդելու տեսարժան վայրերը:

Չորեքշաբթի օր մը կը հարցնեմ ազնիւ օրիորդին. «Այսօր դէպի ո՞ւր է մեր ծրագիրը»: «Սեւան», կը պատասխանէ: Օ՜, այդ ի՜նչ աղուոր բան: 2000 մեթր բարձր պիտի մագլցինք. ցուրտ կ՛ըլլա՞յ հոն վերը: «Ո՛չ, շատ հաճելի օդ է լինելու, ընկեր Պօղոսեան»:

Կը տեղաւորուինք «մեքենային» մէջ, որ կը սուրայ ոլոր-մոլոր լեռն ի վեր` կտրելով քանի մը գիւղեր նորաշէն: Ու ահա Սեւանը: Գէորգ Բաշինջաղեանի «Սեւանը» տեսա՛ծ էք. Գեղեցիկ, լայնատարած «Սեւան լիճին» մէջ հեռաւոր «Սեւան կղզին»: Այդպէս չէ՛ այժմ: Կղզին միացած է ցամաքին ու հեշտիւ վեր կը բարձրանանք տեսնելու համար հնակերտ երկու շէնքերը` պատմական Սեւանայ վանքն ու եկեղեցին, որոնք դժբախտաբար փակ էին այդ օր: Վար կը նայիմ. ի՜նչ առինքնող տեսարան. դիմացը ձիւնապատ սարեր, վարը` երկնակապոյտ ջուրը Սեւանայ, խաղաղ ու անդորր: Կը մօտենամ լիճին բնական երկիւղածութեամբ մը, միշտ խորհելով ու խորհելէն աւելի` խորապէս զգալով, թէ Հայաստան կը գտնուիմ ու անոր հին, պատմական մէկ հողին վրայ կը կոխեմ: Բնազդաբար կը ծռիմ ու ափերով ջուրը կ՛ըմպեմ, բայց որքա՛ն ականակիտ ու ջինջ, որքա՛ն անուշ է Սեւանի ջուրը: Զարմանալի չէ, որ իր «Իշխան» ձուկը ա՜յնքան համեղ է եւ գրեթէ միշտ Երեւանի ճաշացուցակի լաւագոյն զարդերէն մին կը կազմէ:

Յայտնի է, որ ելեկտրակայաններու շինութենէն ի վեր Սեւանայ ջուրը իջած է իր նախկին բարձրութենէն: Նախկինի մասին կ՛արժէ քանի մը տեղեկութիւն տալ: Սեւանայ լիճը կը կոչուի նաեւ «Գեղամայ ծով» եւ տարածուած է հիւսիս-արեւելքէն դէպի հարաւ-արեւմուտք: Գեղամայ լեռները, իսկ հարաւ-արեւմուտքէն շրջապատուած է բարձրաւանդակներով ու բլուրներով:

Լիճի բարձրութիւնը ծովի մակերեսէն 6340 ոտնաչափ եւ 50 սաժեն (1 սաժենը` 3 կանգուն է) խորութիւն ունի: Երկարութիւնն է 60 վերստ (1 վերստը` 1000 մեթր), իսկ տարածութիւնը 212 վերստ: Սեւանայ լիճին մէջ կը թափին 36 գետակներ եւ առուներ, որոնց մեծ մասը կը գոյանայ սառն ու վճիտ աղբիւրներէ, մէկ փոքր մասն ալ` հալած ձիւներէն:

Սեւանայ ջուրը շատ քաղցր է, միակ լիճն է, որուն ջուրը խմելու կը գործածեն: Ջուրին այդ քաղցրութեան պատճառով մէջը կան 12 տեսակ ձուկեր, որոնք շատ համեղ են, եւ որոնց գլխաւորներն են իշխանը եւ գեղագունին:

Սեւանայ լիճէն միայն մէկ գետ կ՛ելլէ` Հրազդան (Զանկու), որ կը խառնուի Միսխանայի, որ շատ մը ջրաղացներ դարձնելէ ետք` կը միանայ Արաքսին` Արարատեան դաշտին մէջ, Հրազդանէն կ՛որսան կարմրախայտ:

Սեւանայ լիճը ծովու նման ընդարձակ տարածութիւն ունի, որուն ջուրը հանդարտ, մաքուր, բիւրեղի նման է. կապոյտ երկինքը այդ վճիտ ջուրին մէջ ցոլանալով` կու տայ անոր հրաշալի կապոյտ գոյն մը: Միայն աշնան է, որ սաստիկ կ՛ալեկոծի լիճը, երբ սօթը (արեւելեան քամի) կը փչէ: Սօթը իր անունը առած է պատմական հին Սօթ գաւառէն, որ կը գտնուի լճի արեւելեան կողմը: Սօթի կատաղի ալիքները երբեմն ժայռերը կը տապալեն (Ժամանակ, Կ. Պոլիս, 1912 թ. 1288 եւ 1322):

Հ. ԵՓՐԵՄ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES