Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԴԱՇՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին, չորեքշաբթի, 20 յուլիս 2011-ին տեղի ունեցաւ դաշտագնացութիւն-պտոյտ: 100 կիներ առաւօտեան ժամը 8:30-ին Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ առջեւէն ուղղուեցան դէպի Պիքֆայայի դպրեվանք, ուր դիմաւորուեցան Ստեփանոս վրդ. Փաշայեանի կողմէ` ընդհանուր հսկիչ դպրեվանքի: Առաջին հերթին, հայր սուրբին առաջնորդութեամբ, անոնք այցելեցին Ս. Աստուածածին մատուռը, ուր վարդապետը բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց վանքին պատմականը եւ ողջունեց Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին այս մտայղացումը` այցելելու հայկական եկեղեցի, կատարելու իրենց աղօթքը եւ ուխտը, որովհետեւ այս վանքը կը պատկանի համայն հայութեան եւ ոչ միայն` միաբաններուն եւ դպրեվանքի սաներուն:  Եկեղեցւոյ այցելութիւնը աւարտեցաւ «Տէր ողորմեա»ի եւ «Հայր Մեր»ի երգեցողութեամբ` ներկաներուն մասնակցութեամբ:  Նախքան մեկնումը` հայուհիները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակին կանգնեցուած յուշարձանին առջեւ եւ զետեղեցին մոմեր ու ծաղիկներ:

Ապա պասերը ուղղուեցան դէպի Զահլէ, ուր նախատեսուած էր այցելութիւն` Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, սակայն, Զահլէի մուտքին ահաւոր խճողումին պատճառով կարելի չեղաւ Զահլէ մուտք գործել: Յաջորդ հանգրուանը եղաւ Քսարայի գինիի գործարանը, ուր անոնք  շրջագայեցան քարայրին մէջ եւ ծանօթացան գործարանին ու քարայրին պատմութեան, համտեսեցին գինիներու տեսակներ, եւ անոնց ցուցադրուեցաւ գինիի պատրաստութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը:

Վերջապէս պասերը հասան Այնճար` «Ռազմիկ» ճաշարան, ուր ներկաները ճաշակեցին իրենց կէսօրուան ճաշը, որուն յաջորդեց շուրջպարերու շարք մը: Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն. հաճելի օր մը անցընելէ ետք մասնակիցները վերադարձան իրենց տուները:

Գնահատելի ու ողջունելի է Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին կազմակերպած այս նախաձեռնութիւնը, որ այցելութիւններ կատարեց հայկական վայրեր. փափաքելի է նման նախաձեռնութիւններու կրկնութիւնը գաղութին մէջ:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

Share this Article
CATEGORIES