ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեմի Կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ մարմինին, մասնակցութեամբ թեմի Կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտներուն յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, 24-31 յուլիսին Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ ետին գտնուող անտառին մէջ տեղի ունեցաւ պատանեկան բանակումը:

Մէկ շաբթուան ընթացքին օրական դրութեամբ աշակերտները ունեցան աղօթքի եւ սերտողութեան պահեր, մարզանքներ, մրցումներ, երգեցողութեան պահեր, պտոյտներ (դէպի լողաւազան, Պշուաթ սրբատեղի, լեռ բարձրանալ եւ այլն): 27 յուլիսին Վարիչ մարմինի պատասխանատու Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան եւ վարիչ մարմինի անդամ Ժանին Դանիէլեան-Մարգարեան այցելեցին բանակավայր եւ ամբողջ օրը անցուցին աշակերտներուն հետ: Այդ օր Ժանին Մարգարեան աշակերտներուն խօսեցաւ եկեղեցւոյ կարեւորութեան մասին, թէ` միշտ պէտք է յաճախել եկեղեցի եւ ներկայ գտնուիլ Ս. պատարագի արարողութեան:

28 եւ 29 յուլիսին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի տեսուչ Սիլվա Իփրաճեան աշակերտներուն խօսեցաւ պատարագի արարողութեան արժէքներուն մասին, նաեւ բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս պէտք է վարուիլ եկեղեցիին մէջ: Ան աշակերտները տարաւ Ս. Պօղոս եկեղեցի, ուր կենդանի բացատրութիւններ տուաւ եկեղեցական սպասներու մասին:

Ամբողջ շաբաթ մը խանդավառ եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ անցընելէ ետք, շաբաթ, 30 յուլիսի երեկոյեան տեղի ունեցաւ խարուկահանդէսը: Մեծ թիւով ծնողներ եկած էին դիտելու գեղարուեստական յայտագիրը, որ պատրաստած էին աշակերտները մէկ շաբթուան ընթացքին:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով` կատարողութեամբ ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբին, որ նուագեց նաեւ հայրենասիրական եւ ազգային երգերու փունջ մը: Ապա բարի գալուստի խօսք արտասանեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի տեսուչ Սիլվա Իփրաճեան: Ան նկատել տուաւ, որ մէկ շաբթուան ընթացքին աշակերտները սորվեցան եկեղեցասիրութիւն, ազգասիրութիւն: Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցչուհի Մարիա Իփրաճեանի պատրաստած տեսերիզը, որ կը ներկայացնէր մէկ շաբթուան ընթացքին աշակերտներուն աշխատանքները, պտոյտները, սերտողութեան պահերը եւ այլն: Ծնողներ մեծ հաճոյքով եւ հետաքրքրութեամբ դիտեցին, թէ իրենց զաւակները ինչ գործունէութիւն ունեցած են մէկ շաբթուան ընթացքին եւ բարձր գնահատեցին այս նախաձեռնութիւնը` մաղթելով, որ ամէն տարի շարունակուի բանակումը: Այնուհետեւ աշակերտները ներկայացուցին իրենց սորված մարզանքները, կազմեցին մայրիի ծառ, բերդ, գմբէթ եւ այլն, տողանցեցին եւ արժանացան մեծ գնահատանքի:

Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աշոտ քհնյ. Գարագաշեան խօսք առնելով` նկատել տուաւ, որ աշակերտները մէկ շաբթուան ընթացքին սորվեցան ազգային եւ կրօնական գիտելիքներ, եւ մաղթեց, որ աշակերտները իրենց սորվածը փոխանցեն իրենց շրջապատին մէջ գտնուող բարեկամներուն, որպէսզի անոնք եւս զօրանան հոգեպէս եւ բարոյապէս եւ կարենան դիմագրաւել իրենց դժուարութիւնները: Խօսքը ուղղելով ծնողներուն` Աշոտ քհնյ. Գարագաշեան մաղթեց, որ անոնք հանդիսանան իրենց շրջաններու Կիրակնօրեայ վարժարաններու դեսպանները եւ քաջալերեն ու թելադրեն այլ ընտանիքներու, որ վստահին իրենց զաւակները Կիրակնօրեայ վարժարաններուն, որոնք կը ջամբեն հոգեբարոյական դաստիարակութիւն:

Կիրակնօրեայ վարժարաններու Վարիչ մարմինի պատասխանատու Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Կիրակնօրեայ վարժարաններուն մէջ ամբողջ տարին կը դասաւանդուի աղօթք, շարական, Աստուածաշունչ: Ան նկատել տուաւ, որ բանակումի գաղափարը անցեալ տարի յղացած էր Յովիկ սրկ. Իփրաճեան, որպէսզի աշակերտները բնութեան ճամբով եւս Աստուծոյ հետ ըլլան եւ բնութեան ընդմէջէն զգան Աստուծոյ ներկայութիւնը իրենց կեանքին մէջ: «Կիրակնօրեայ դպրոցին մէջ քրիստոնէական դաստիարակութեան ճամբով մենք կը փորձենք լաւագոյնը ընել, որպէսզի մեր զաւակները զգան Աստուծոյ ներկայութիւնը իրենց կեանքին մէջ: Մեր զաւակները ընտրեալներ են… Մեր բոլորին պարտականութիւնն է բոլոր մանուկները ուղղել դէպի Կիրակնօրեայ վարժարան, որպէսզի մեր թիւը փոխան 600-ի ըլլայ` 1200 եւ աւելի», շեշտեց Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան` աւելցնելով, որ ասիկա կազմակերպչական աշխատանքի, սիրոյ, միացումի կը կարօտի: Ան գնահատեց բանակավայրի պատասխանատու, նաեւ Ֆանարի Կիրակնօրեայ դպրոցի տեսուչ Յովիկ սրկ. Իփրաճեանի աշխատանքը, որ ամէն բան ձգելով` եկած է դաստիարակելու եւ Աստուածաշունչը փոխանցելու: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին բանակումի յաջողութեան: Աւարտին խօսք առաւ բանակավայրի պատասխանատու Յովիկ սրկ. Իփրաճեան, որ հաստատեց, թէ ինք առանձին չէր կրնար աշխատանք տանիլ, եթէ չունենար գործակիցներ: Ան գնահատեց Դանիէլ Գլընճեանի, Հայկ Մարգարեանի, Մուշեղ Քէշիշեանի, Յարութ Գազանճեանի տարած աշխատանքը, որոնք մեծապէս նպաստեցին եւ օգտակար հանդիսացան բանակավայրի աշխատանքներուն: Այնուհետեւ վառեցաւ աւանդական խարոյկը եւ խանդավառութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին, մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր:

Կիրակի առաւօտուն, Ս. պատարագին մասնակցելէն ետք, աշակերտները վերադարձան Պէյրութ` գոհունակ սրտով եւ մեծ յոյսով, որ յառաջիկայ տարիներուն եւս կրկնուի բանակումը, եւ իրենք դարձեալ մասնակցին:

Share this Article
CATEGORIES