«ՄԵՐ ՅՈՅՍԸ ԴՐԱԾ ԵՆՔ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ` ԵՐԵՒԱՆԷՆ ՄԵՏԱԼՆԵՐՈՎ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼՈՒ ԱՌՈՒՄՈՎ» «ԱԶԴԱԿ»ԻՆ Կ՛ԸՍԷ ՆՇԱՆ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Նշան Համամճեան

Ինչպէս ծանօթ է, 13-21 օգոստոս 2011-ին Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւան պիտի հիւրընկալէ Համահայկական 5-րդ խաղերը:

Բնականաբար, այս խաղերուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Լիբանան: Լիբանանի պատուիրակութիւնը ուրբաթ, 12 օգոստոսին Պէյրութի միջազգային օդակայանէն պիտի մեկնի Հայաստան:

Այս առիթով «Ազդակ» յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ համահայկական խաղերու Լիբանանի միացեալ մարմնի ատենապետ եւ պատուիրակութեան նախագահ Նշան Համամճեանի հետ:

Ստորեւ կու տանք հարցազրոյցին շահեկան բաժինները.

«ԱԶԴԱԿ».- Կարելի՞ է որոշ գաղափար մը տալ մեր ընթերցողներուն, թէ Լիբանանի միացեալ մարմնին աշխատանքները ի՞նչ ձեւով ընթացան` Համահայկական 5-րդ խաղերուն լաւապէս պատրաստուելու համար:

ՆՇԱՆ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ.- Նախքան այս հարցումին պատասխանելը, նախ եւ առաջ կու գամ շնորհակալութիւն յայտնելու «ԱԶԴԱԿ» օրաթերթին` այս հարցազրոյցին առիթ ընծայելուն համար:

Պատասխանելով հարցումին` աւելի քան վեց ամիսէ ի վեր Համահայկական խաղերու Լիբանանի միացեալ մարմինը շաբաթական երեք ժողովներ գումարեց, որպէսզի կարենանք մեր դէմ ցցուած բոլոր արգելքները հարթել եւ անթերի ըլլալ մեր առաքելութեան մէջ:

Այդ ժողովներուն աշխատեցանք երկու ճակատներու վրայ` կազմակերպական եւ նիւթական:

Կազմակերպական աշխատանք յաջողեցանք կատարել ամբողջական կերպով: Սակայն երկրորդին պարագային որոշ կաղացում ունեցանք` նկատի ունենալով, որ հսկայական ճիգի կը կարօտի վաթսուն անձ ընդգրկող պատուիրակութեան մը ծախսերը հոգալը:

Բնականաբար, բոլորն ալ ծանօթ են Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապին:

«Ա.».- Արդեօք տարեկան ձեռնարկի մը կամ ձեռնարկներու կայացումը կացութենէն բան մը չի՞ փոխեր:

Ն. Հ..- Հարցում մը, որ պատասխանէ աւելի գործնական գետնի վրայ մեծ աշխատանքի կը կարօտի:

Իւրաքանչիւր Համահայկական խաղերուն նախաձեռնութեան միջեւ չորս տարուան ժամանակամիջոց մը կայ: Եթէ իւրաքանչիւր տարի ձեռնարկ մը կազմակերպենք, կը կարծեմ, որ չորրորդը կայացնելէ ետք մեր ամբողջ ճանապարհածախսը ապահոված կ՛ըլլանք:

Շուրջ մէկուկէս ամիս առաջ «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ կազմակերպեցինք ձեռնարկ մը: Վաթսուն հոգի հաշուող պատուիրակութեան համար պէտք ունէինք 50 հազար ամերիկեան տոլարի: Յաջողեցանք հանգանակել (որուն համար երախտապարտ ենք բոլորին) 30 հազար ամերիկեան տոլար:

Ասիկա նկատի ունենալով, կը կարծեմ, որ իւրաքանչիւր տարի ձեռնարկ մը կազմակերպելու պարագային շատ դիւրութեամբ պահանջուած այդ գումարը կրնանք ապահովել եւ նոյնիսկ աւելի մեծ պատուիրակութեամբ մըն ալ մեկնիլ Հայաստան` մասնակցելով այն բոլոր մարզաձեւերուն, որոնք կը գտնուին յայտագիրին վրայ:

«Ա.».- Նկատի ունենալով, որ նշեցիք «մարզաձեւեր» բառը, կրնա՞նք իմանալ, թէ Լիբանան ո՛ր մարզաձեւերուն պիտի մասնակցի:

«Ն. Հ.».- Լիբանան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ պասքեթպոլի, մինի ֆութպոլի, աթլեթիզմի եւ ճատրակի մրցումներուն:

Դժբախտաբար, պիտի չկարենանք մասնակցիլ աղջկանց պասքեթպոլի, ֆութպոլի եւ փինկ փոնկի մրցումներուն:

Վերոնշեալ երեքին չմասնակցիլը հետեւանք է մեր լաւագոյն մարզիկներուն` ազգային խումբերուն հետ ունեցած պարտաւորութիւններուն:

Երեք ֆետերասիոններն ալ արտօնութիւն չտուին, որ մարզիկները միանան Հայաստան ուղղուող մեր պատուիրակութեան:

«Ա.».- Կրնա՞ք քիչ մը աւելի մանրամասն խօսիլ խումբերուն մասին:

«Ն. Հ.».- Պէյրութ կը մասնակցի մինի ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի խումբերով (տղաք), Պուրճ Համուտ` պասքեթպոլի խումբով (տղաք), իսկ Անթիլիաս` մինի ֆութպոլի խումբով (տղաք):

Աթլեթիզմի մրցումներուն կը մասնակցինք երկու մարզիկով (մէկ տղայ եւ մէկ աղջիկ), իսկ ճատրակի մրցումներուն` մէկ մարզիկով (տղայ):

Ինչպէս նկատելի է, դժբախտաբար հայ աղջիկները ամբողջութեամբ բացակայ են:

Սակայն նշեմ, որ բոլոր մեկնողներն ալ հայեր են` ըստ Համահայկական խաղերու օրէնքին:

Այստեղ նաեւ կ՛ուզեմ յայտնել որ ՀԵԸ-էն կը մեկնին 22 մարզիկներ, ՀՄԸՄ-էն` 20, իսկ ՀՄՄ-էն` 12:

Պատուիրակութեան հետ Հայաստան պիտի մեկնի նաեւ երգչուհի Քարմեն Աճեմեան, որ Համահայկական խաղերու փակման հանդիսութեան պիտի երգէ:

«Ա.».- Որեւէ դժուարութիւն դիմագրաւեցի՞ք Հայաստանի մէջ կեցութեան ձեր վայրը ապահովելու իմաստով:

«Ն. Հ.».- Կը կարծեմ, որ այս հարցին մէջ բախտաւոր դուրս եկանք, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով յաջողեցանք մեր պատուիրակութիւնը տեղադրել մէկ պանդոկի մէջ, որ «Արեգ» պանդոկն է:

Նախապէս բաժնուած կ՛ըլլայինք տարբեր պանդոկներու եւ կահաւորուած տուներու մէջ:

Ասիկա յաւելեալ խթան մը պիտի ըլլայ մեզի, որ միշտ միասին ըլլանք եւ մարզիկները աւելի մօտէն ծանօթանան իրարու` զրուցելով իրենց արձանագրած արդիւնքներուն մասին:

«Ա.».- Ինչպէս վերը նշուեցաւ, տարեկան ձեռնարկի մը (կամ ձեռնարկներու) կայացումը կրնայ նիւթական յաւելեալ միջոցներ ապահովել: Չէ՞ք կարծեր, որ Համահայկական խաղերէն վերադառնալէ անմիջապէս ետք աշխատանք պէտք է տանիլ նաեւ իւրաքանչիւր մարզաձեւի մէջ հաւաքականի նմանող խումբեր պատրաստելու:

«Ն. Հ.».- Իսկապէս շատ լաւ հարցում մըն է եւ հիանալի գաղափար մը, որ անկասկած իր պտուղը կրնայ տալ յաջորդ Համահայկական խաղերուն:

Իմ ամէն կարելիս պիտի ընեմ, որպէսզի Լիբանան մեր վերադարձէն անմիջապէս ետք տեղի ունենալիք առաջին իսկ հանդիպումին կամ ժողովին, այս հիմնական հարցը ներկայացուի եւ այս գծով աշխատանք տարուի իւրաքանչիւր մարզաձեւի մէջ մեր զօրաւոր խումբը ունենալու համար, հոգ չէ, եթէ անոր մաս պիտի կազմեն երեք միութիւններէն մարզիկներ:

Ասիկա որոշ չափով կը նմանի կազմութեան հաւաքականի մը, որուն մաս կը կազմեն բոլոր խումբերէն մարզիկներ:

Նոյնիսկ շաբաթական մէկ կամ երկու փորձ կատարելով` կրնանք առանց դժուարութեան մեր փափաքած խումբը պատրաստել եւ ինչու չէ մասնակցիլ բոլոր տեսակի մարզախաղերուն:

Որեւէ պատճառ մը մեզի կ՛արգիլէ՞, որ լաւ օրինակ չառնենք այլ երկիրներէ, որոնք բոլոր մարզաձեւերուն ալ կը մասնակցին:

«Ա.».- Իբրեւ վերջաբան արդեօք որեւէ խօսք մը ունի՞ք աւելցնելիք:

«Ն. Հ.».- Անգամ մը եւս կու գամ իմ խորին շնորհակալութիւնս յայտնելու «ԱԶԴԱԿ» օրաթերթին, որ կատարեց այս հարցազրոյցը: Անոր ընդմէջէն կը կարծեմ, որ ընթերցողները բաւական լուսաբանուեցան մեր կատարած աշխատանքներուն մասին:

Այժմ, մեր յոյսերը դրած ենք մեր մարզիկներուն վրայ: Ամէն գնով կ՛ակնկալենք, որ որեւէ մետալով, կամ ինչու չէ մետալներով վերադառնանք Լիբանան` ի դերեւ չհանելու համար մեզի վստահած անձերուն յոյսերը:

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՎԱՐԵՑ`
ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES