«ԲԱԳԻՆ» ԳՐԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍ. ԱՐՏԱՒԱԶԴ ՓԵԼԵՇԵԱՆԻ ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՄ

«Բագին» գրական հանդէսին կազմակերպած ընթերցման հանդիպումներու շրջագիծին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 10 օգոստոս 2011-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Բագին»ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի բեմադրիչ Արտաւազդ Փելեշեանի շարժապատկերի արուեստի ծանօթացում: Նիւթը ներկայացուց Յակոբ Տէր Ղուկասեան:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Բագին» գրական հանդէսի փոխխմբագիր Սեդա Գրիգորեան: Ան նկատել տուաւ, որ նիւթին ընտրութիւնը կատարած է «Բագին»ի խմբագրական կազմի անդամ, բեմադրիչ, շարժապատկերային արուեստի մասնագէտ Յակոբ Տէր Ղուկասեան:

Գրիգորեան նաեւ ներկայացուց բանախօսին կենսագրական ամփոփ տեղեկութիւնները:

Յակոբ Տէր Ղուկասեան իր խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ շարժապատկերի պատրաստութեան հանգրուաններուն: Ապա ներկայացուց Արտաւազդ Փելեշեանի կենսագրութիւնը եւ գործունէութեան հանգրուանները: Ան յայտնեց, որ երիտասարդ տարիքին Փելեշեան աշխատած է գործարանի մը մէջ: Ան միշտ հետաքրքրուած է շարժապատկերով. սկզբնական շրջանին եղած է ճարտարարուեստի բաժինի գծագրիչ` աւելի ուշ դառնալով թեքնիք շինարար: Տէր Ղուկասեան շեշտեց, որ գործարանին մէջ աշխատելու ժամանակաշրջանը շատ կարեւոր հանգրուան մը եղած է Փելեշեանի կեանքին մէջ, որովհետեւ իր հետեւանքները ունեցած է բեմադրութեան աշխատանքներուն մէջ:

Տէր Ղուկասեան նաեւ յայտնեց, որ Փելեշեանի ժապաւէնները եղած են թախծոտ, եւ ան օգտագործած է սեւ-ճերմակ ժապաւէնը` աւելցնելով, որ ան ընդհանրապէս ներկայացուցած է կարճ ժապաւէններ, որոնք բոլորն ալ եղած են անխօս, սակայն ունին իրենց նիւթը եւ ներկայացուած են երաժշտութեան ընկերակցութեամբ: Յակոբ Տէր Ղուկասեան նկատել տուաւ, որ Փելեշեան արխիւ կը գործածէ իր ժապաւէններուն պատրաստութեան ժամանակ, եւ անոնց կը միացնէ իր պատրաստած տեսարանները: Ան միշտ նախընտրած է եւ ներկայացուցած բնութիւնը, քան` մարդիկը:

Միջազգային գետնի վրայ, Փելեշեան շատ իւրայատուկ դպրոց մըն է շարժապատկերի աշխարհին մէջ: Ան իր նմանը չէ ունեցած: Ան վաւերագրական ժապաւէններու յատուկ դպրոց մըն է եւ կարելի չէ բացատրել իր տեղը 7-րդ արուեստի աշխարհին մէջ:

Դասախօսութեան աւարտին ցուցադրուեցաւ Փելեշեանի կարճամեթրաժ շարժապատկերներէն փունջ մը, ինչպէս` «Մենք», «Մեր դարը», «Տարուան եղանակները»:

Share this Article
CATEGORIES