«ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐԻՒՆԱՀԵՂՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱԴՐԵՑՆԵԼՈՒ ՅՍՏԱԿ ՊԱՏԳԱՄ ՄԸ ՈՒՂՂԵՑ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻՆ» ԸՍԱՒ ԷՐՏՈՂԱՆ

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան մէկ ժողովին ընթացքին խօսք մը արտասանելով յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Էօմեր Էօնհոն երէկ Համա այցելած է: «Ան մեզի ըսաւ, որ հրասայլերը սկսած են քաղաքէն հեռանալ: Ասիկա ցուցանիշ մըն է, որ մեր նախաձեռնութիւնը կ՛արդիւնաւորուի», ըսաւ ան:

Էրտողան յոյս յայտնեց, որ Սուրիա յառաջիկայ 10-15 օրուան ընթացքին բարեփոխումներու ուղղութեամբ քայլերու պիտի դիմէ: Ան նշեց, որ «Թուրքիա արիւնահեղութիւնը կասեցնելու յստակ պատգամ մը ուղղեց Դամասկոսին»` աւելցնելով, որ «սուրիական պետութիւնը իր զէնքը կ՛ուղղէ իր ժողովուրդին դէմ»:

Էրտողանին արտասանած խօսքէն քանի մը վայրկեան ետք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու իր կարգին յայտնեց, որ Թուրքիոյ դեսպանը հաստատած է, որ հրասայլերն ու ծանր հրետանին Համայէն դուրս կը բերուին: «Զինուորական յարձակումի սկսելէն ետք առաջին անգամ ըլլալով` մամլոյ կարգ մը ներկայացուցիչներու եւս արտօնուեցաւ Համա այցելել», ըսաւ ան` նշելով, որ ասիկա երեքշաբթի օր իր կողմէ Ասատին փոխանցուած յորդորներէն մէկն էր: «Նոյնպիսի այցելութիւն մը Տէր Զօր պիտի կատարուի: Թուրքիոյ դեսպանին Համա մուտքի արտօնութիւնը կարեւոր քայլ էր, ասիկա առաջին քայլ մըն է», նշեց ան:

Ըստ Տաւութօղլուի, յառաջիկայ օրերուն թուրք եւ այլ երկիրներու լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ Համա պիտի այցելեն: Ան ընդգծեց, որ լրագրողներուն սուրիական այլ քաղաքներ այցելելու արտօնութիւնը եւս կարեւոր է:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը գոհունակութիւն յայտնեց սուրիական քայլերուն նկատմամբ` յայտնելով, որ Դամասկոս կատարած իր այցելութենէն նուազ քան 24 ժամ ետք սուրիական կառավարութիւնը մեծ քայլ մը առաւ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպանին Համա այցելութիւնը արդիւնք է երեքշաբթի օր Դամասկոսի մէջ Տաւութօղլուի ունեցած հանդիպումին:

ԹՐՔԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆ
ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒԻ ՍՈՒՐԻԱ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու երեքշաբթի օր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ ունեցաւ 6.5 ժամ տեւողութեամբ հանդիպում մը, որուն 3.5 ժամը դէմ առ դէմ, իսկ մնացեալ 3 ժամը սուրիական եւ թրքական պատուիրակութեանց մասնակցութեամբ: Տաւութօղլու Դամասկոսի մէջ առանց յայտարարութիւն կատարելու վերադարձաւ Թուրքիա, ուր մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ասատի հետ քննարկած է «շօշափելի քայլեր», որոնց շարքին` ցուցարարներու դէմ բռնարարքներու դադրեցումը: Ան աւելցուց, որ Թուրքիա յառաջիկայ օրերուն պիտի հետեւի Սուրիոյ քայլերուն:

«Յառաջիկայ օրերուն առնուած քայլերը կարեւոր են: Կը յուսանք, որ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու միջոցառումներ որդեգրուին», ըսաւ Տաւութօղլու: Ան նշեց, որ «մենք ամէնէն յստակ եւ անկեղծ ձեւով նախագահ Ասատի հետ քննարկեցինք այն քայլերը, որոնք կրնան առնուիլ` կանխարգիլելու համար զինուորականութեան եւ ժողովուրդին միջեւ բախումները, ինչպէս նաեւ Համայի մէջ տեղի ունեցածին նման դէպքերը»: Ան ըսաւ, որ քննարկումները անկեղծ եւ բարեկամական էին` աւելցնելով, որ «ոչ թէ ամիսներ եւ շաբաթներ, այլ օրեր կը մնան տեսնելու համար հետեւանքները»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ իր երկրին նպատակը արիւնահեղութեան անմիջական դադրեցումն է` աւելցնելով, որ Թուրքիա կը յուսայ, որ Սուրիոյ մէջ խաղաղ փոխանցում մը ըլլայ, որուն իբրեւ արդիւնք սուրիացի ժողովուրդը որոշէ իր ապագան:

Տաւութօղլու հերքելով Միացեալ Նահանգներու կողմէ Սուրիոյ փոխանցուած պատգամի մը մասին լուրերը նաեւ ընդգծեց, որ Ասատին փոխանցուած պատգամները Թուրքիոյ պատգամներն էին եւ ոչ թէ այլ երկրի մը: Թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Տաւութօղլու Ասատին փոխանցած է Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլէն գրաւոր պատգամ մը, իսկ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն բերանացի պատգամ մը:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի կողմէ Տաւութօղլուին վստահուած պատգամի մը մասին լուրերը պատճառ դարձած էին Թուրքիոյ ընդդիմադիր կուսակցութեանց կողմէ քննադատութեանց: Քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սելահատին Տեմիրթաշ երէկ Տաւութօղլուի Սուրիա այցելութիւնը քննադատեց` յայտնելով, որ ան Սուրիա մեկնած է «ոչ միայն իբրեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար, այլ նաեւ` իբրեւ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակ»: Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու իր կարգին դժգոհած էր Սուրիոյ դէմ Թուրքիոյ կեցուածքին կարծրացումին մէջ արտաքին դերակատարութենէն` երեքշաբթի օր տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնելով, որ թուրք-սուրիական յարաբերութիւնները յանկարծ վատթարացան, երբ «արեւմտեան պետութիւնները միջամտեցին»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր գովաբանեց Տաւութօղլուի Սուրիա այցելութիւնը` զայն նկատելով Ասատին ուժեղ պատգամ մը փոխանցելու յաւելեալ առիթ մը:

Թրքական մամուլը կը հաղորդէ, որ Տաւութօղլու վերջին անգամ ըլլալով զգուշացուցած է, որ «դուք ճամբուն աւարտին հասած էք: Արիւնահեղութիւնը դադրեցուցէ՛ք»: Ասատ յայտնած է, որ իրենք կ՛ակնկալեն, որ Թուրքիա ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարին օժանդակէ: Տաւութօղլու հարց տուած է. «300-400 անձեր Սուրիա՞ն կ՛ապակայունացնեն»: Ասատ պատասխանած է, որ եթէ ապահովութիւնը պահպանուի, կարելի պիտի ըլլայ բարեկարգումներ կատարել: Տաւութօղլու Ասատը զգուշացնելով յայտնած է, որ «եթէ կը ծրագրէք նախ ապահովութիւնը պահպանել եւ ապա բարեփոխումներ կատարել, բարեփոխումները երբեք պիտի չկատարուին»` աւելցնելով, որ բազմակուսակցականութիւնը միակ լուծումն է:

Նշենք, որ «Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ Ասատ յայտնած է, որ ահաբեկչական խմբաւորումները հետապնդելէ պիտի չդադրի: Թրքական մամուլը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը զգուշացուցած է, որ բռնարարքները կրնան Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը վտանգել:

 

Share this Article
CATEGORIES