ԻՐԱՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑՈՎ ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ԹՈՒՐՔԻՈՅ
Քրտական «Ֆըրաթ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ իրանցի բարձրաստիճան զինուորական մը Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին պատկանող «Սիփահի Փաստար» կայքէջին տուած իր հարցազրոյցին մէջ ըսած է, որ եթէ թրքական բանակը Սուրիա մուտք գործէ, Իրան Թուրքիան պիտի հարուածէ:
«Եթէ թրքական բանակը Սուրիա ներխուժէ, մենք Թուրքիոյ դէմ պատերազմ պիտի յայտարարենք: Սուրիոյ դէմ ուղղուած զինուորական որեւէ միջամտութիւն միեւնոյն ժամանակ Իրանի դէմ պատերազմ յայտարարել կը նշանակէ», ըսած է բարձրաստիճան զինուորականը, որուն անունը չի նշուիր:
Նշենք, որ Իրանի կողմէ այսպիսի յայտարարութիւն առաջին անգամ չէ, որ կը հնչէ: Նախապէս լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթը հաղորդած էր, որ Իրան Թուրքիան պիտի հարուածէ, եթէ վերջինս Սուրիա ներխուժէ:
CATEGORIES Միջազգային