ԱՆԳԱՐԱ ՏԻՆՔԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ ՎՃԱՐԵԼԷ ԽՈՒՍԱՓԵԼՈՎ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԸ ԽԱՅՏԱՌԱԿՈՒԻ

Հրանդ Տինք

Թրքական «Վաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը բողոքարկած է Պոլսոյ 10-րդ վարչական դատարանի տուած որոշումը, ըստ որուն, անիկա իբրեւ հատուցում պէտք է Տինքի եղբայրներուն` Խոսրովին եւ Երուանդին վճարէ հարիւր հազար թրքական լիրա (շուրջ 60 հազար տոլար):

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան փաստաբաններուն կողմէ կազմուած եւ Պետական խորհուրդ (Բարձրագոյն վճռաբեկ ատեան) ներկայացուած բողոքարկման դիմումին մէջ կը նշուի, որ Հրանդ Տինք համապատասխան պաշտպանութիւն ստանալու համար ոստիկանութեան չէ դիմած, իսկ նախարարութիւնը ձեռնարկած է բոլոր անհրաժեշտ միջոցները` սպանութիւնը կանխարգիլելու համար:

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ որեւէ պատասխանատուութիւն չի կրեր Տինքի սպանութեան համար, եւ պահանջած է բեկանել Պոլսոյ դատարանի` հատուցում վճարելու մասին որոշումը:

Բացի ատկէ, ներքին գործոց նախարարութեան դիմումին մէջ կը նշուի, որ «հատուցման չափը կը հակասէ նպատակին եւ ուղղուած է ոմանց անբարոյ եւ չափէն աւելի հարստացման»:

«Վաթան» օրաթերթը Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան այս դիմումը համեմատած է անցեալ տարի Անգարայի կողմէ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան ուղարկուած պաշտպանութեան խայտառակ գրութեան հետ, զոր աւելի ուշ Թուրքիոյ իշխանութիւնները յետս կոչած էին:

Նշենք, որ Հրանդ Տինք իր ողբերգական մահէն մէկ շաբաթ առաջ դիմած էր Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան` բողոքարկելով Թուրքիոյ Քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածին հիմամբ իր դէմ կայացած դատավճիռը: Տինքի սպանութենէն ետք Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան դիմած էր նաեւ անոր ընտանիքը` Տինքի ներկայացուցած բողոքին աւելցնելով այն, որ հակառակ անոր որ թուրք ոստիկանները նախապէս տեղեակ եղած են Տինքի դէմ նախապատրաստուող մահափորձին մասին, ոչինչ ըրած են այդ ոճրագործութիւնը կանխարգիլելու համար:

Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը միախմբելով Տինքի եւ անոր ընտանիքի անդամներուն ներկայացուցած հինգ դիմումները` թրքական իշխանութիւններէն պահանջած էր ներկայացնել պաշտպանութիւն: Ի պատասխան Անգարան պաշտպանութեան անյաջող եւ խայտառակ փորձ կատարեց` Հրանդ Տինքը համեմատելով նացի ղեկավարներէն մէկուն հետ: «Ժողովրդավարական հասարակութեան մէջ այդպիսի յօդուածները (Տինքի դատապարտման պատճառ դարձած յօդուածը) ուղղուած են սադրելու ժողովուրդին դէմ եւ խախտելու հասարակական կարգը: Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէն «ատելութեան խօսքը խոչընդոտելու» առնչութեամբ խորհրդատուական բնոյթի որոշում տուած է: Տինքի յօդուածին մէջ գոյութիւն ունի «ատելութեան խօսք», իսկ անոր դէմ ներկայացուած մեղադրանքը անոր արմատներուն հետ որեւէ առնչութիւն չունի», կը նշուէր թրքական իշխանութիւններուն ներկայացուցած պաշտպանողականին մէջ, զոր աւելի ուշ Անգարա յետս կոչեց` փորձելով Տինքի ընտանիքին հետ գտնել «բարեկամական լուծում» եւ այդ կապակցութեան Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ հանդիպում ունեցաւ Տինքի եղբօր` Խոսրովի հետ:

Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը բաւարարած էր թրքական իշխանութիւններուն դէմ ներկայացուած Տինքի ընտանիքի հայցը եւ Անգարայէն պահանջած Հրանդ Տինքի հարազատներուն վճարել 133,565 եւրոյի հատուցում, որ կը ներառէ նաեւ դատական ծախսերը:

Share this Article
CATEGORIES