ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

Լիբանանեան եւ յատկապէս հայկական գետնի վրայ թերթերը տեղ տուած են ընկերային, ապրուստի հարցերուն ու յատկապէս սննդեղէնի անվտանգութեան գծով վարչապետ Միքաթիի գլխաւորած աշխատանքային նիստին, որուն ներկայ էր նաեւ ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան:

Նմանապէս տեղ գտած էր Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի նախագահ Սլէյմանին տուած այցելութիւնը:

Շրջանային եւ արաբական գետնի վրայ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի Դամասկոս այցելութիւնը իր վրայ կեդրոնացուց լրագրողներուն գրիչները:

Ակնարկ կայ նաեւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Արցախի գծով կատարած վերջին յայտարարութեան:

Նմանապէս կարգ մը թերթեր, ինչպէս` «Ախպար», «Շարք Աուսաթ» եւ այլն, նշած են Ազրպէյճանի նախկին նախագահ Այազ Մութալիպովի «տունդարձ»ը` 19 տարուան աքսորէ ետք:

Նշեալ լուրերը եւ առհասարակ Սուրիոյ իրավիճակին քաղաքական թէ ապահովական, նաեւ` ընկերային զարգացումները եւ առնչակից հարցեր հիմնական տեղ գտած էին երէկ լոյս տեսած տեղական թէ շրջանային թերթերու մեկնաբանական եւվերլուծական յօդուածներուն մէջ:

«ՆԱՀԱՐ»

– «Իսլամ եղբայրները` Սէուտական Արաբիայէն դէպի Սուրիա», կը գրէ Մահա Եասմին Նաամէ:

– «Ռաժհայի նշանակումը կու գայ փոքրամասնութիւնները իսլամներուն դէմ համախմբելու եւ համայնքային լարուածութենէն վախցող Ժոմպլաթեան շարժում», կը գրէ Հիամ Քսսայֆի:

– Միւս կողմէ, «Նահար»ի մէջ երէկ լոյս տեսած էր նաեւ Րաֆֆի Չերչեանի հեղինակած «Լիբանանի Հայկական եկեղեցիները» խորագրեալ աշխատանքին գրախօսականը` Մայ Ապպուտ Ապի Աքլի գրիչով:

«ԱՆՈՒԱՐ»

«Պաղ ջուր եւ տաք արիւն` Տաւութօղլուի «պատգամ»ին վրայ», կը գրէ թերթի գլխաւոր խմբագիր Ռաֆիք Խուրի:

«ՍԱՖԻՐ»

– Մալաք Աքիլ հարց կու տայ. «Լիբանանի քրիստոնեաները եւ մեծ հարցումը ինչպիսի՞ ճակատագիր, եթէ Ասատի վարչակարգը փուլ գայ»:

– «Թրքական դերակատարութիւնը` խրատէն սպառնալիք», կը գրէ դոկտ. Ֆաուազ Թրապըլսի:

– Իսկ դոկտ. Մոհամետ Նուրէտտին կը վերլուծէ «Սաֆիր»ի մէջ գրելով «Թրքական մամուլը. Էրտողան պատերազմի ոճ կը ներարկէ Սուրիոյ դէմ»:

«ՊԱԼԱՏ»

– Տաւութօղլու. «Ասատի ղեկավարութեամբ Սուրիա պիտի դառնայ արաբական օրինակ մը», թարգմանաբար կու տայ ֆրանսական լրատու գործակալութեան` ԱՖՓ-ի վերլուծական մէկ յօդուածը:

– Միւս կողմէ, Ղատա Հալաուէ կը գրէ. «Հաշուետուութեան ժամը հնչած է»:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ»

«Բարեկամներ եւ դաշնակիցներ» խորագրեալ յօդուածով լիբանանցի լրագրող-վերլուծաբան Սամիր Աթալլա կը մեկնաբանէ Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ յարաբերութիւնները այժմու հանգրուանին:

– Իսկ Թարեք Հմայետ կը գրէ «Շարք Աուսաթի» մէջ. «Սուրիա եւ Թուրքիա… Հրաժեշտի հանդիպո՞ւմ»:

Նշենք, որ վերջին իրադարձութիւնները սրամիտ պատկերներու նիւթ կը հայթայթեն տեղական թէ շրջանային թերթերու մէջ, ինչպէս` «Մուսթաքպալ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած երէկուան ծաղրանկարները յատկացուած են Տաւութօղլուի Դամասկոս այցելութեան:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES