«ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐՈՒԻՆ, ԲԱՅՑ ՈՉ ՍՊԱՍՈՒԱԾ ՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ» Կ՛ԸՍԷ ՆԱԽԱՐԱՐ ՄԱՆՃԵԱՆ

Փանոս Մանճեան

«Կառավարութիւնը իր վաղուան (այսօրուան) նիստին պիտի քննարկէ ապրուստի եւ ընկերային հարցեր», յայտարարեց պետական նախարար զօր. Փանոս Մանճեան երէկ` «Սաութ Լուպնան» կայանի հարցումներուն պատասխանելով: Ան ընդգծեց, որ կառավարութիւնը նախանձախնդիր է մարդոց առողջութեան ու ապահովութեան` դիտել տալով, որ ըստ մասնագէտներու, ելեկտրական գիծերու բաշխումի կազմածները վտանգ չեն սպառնար:

Նշանակումներուն գծով հարցումի մը պատասխանելով` նախարար Մանճեան յստակացուց, թէ «նշանակումներ պիտի կատարուին, բայց ոչ այն տարողութեամբ, որ ժողովուրդը կը սպասէ»:

Շրջանային եւ յատկապէս Սուրիոյ իրադարձութեանց մասին հարցապնդուելով` նախարար Մանճեան շեշտեց ըսելով. «Մենք դրացի ու եղբայր ենք Սուրիոյ, եւ դէմ ենք բրտութեան եւ որեւէ դէպքի, որ կը պատահի (սուրիացի) ժողովուրդին ու զինուորականներուն միջեւ: Մենք Սուրիոյ հետ կնքած ենք բազմաթիւ համաձայնագիրներ ու միայն բարիք կը մաղթենք Սուրիոյ», եզրափակեց նախարար Մանճեան:

 

Share this Article
CATEGORIES