ԿԱՐՃԱՏԵՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏԱԼՈՎ ԴԱՄԱՍԿՈՍ ԺՈՄՊԼԱԹ ԱՍԱՏԻՆ ՓՈԽԱՆՑԵՑ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԵՐԿՐԻ ՄԸ ՆԱՄԱԿԸ
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը երէկ հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ` ընկերակցութեամբ հանրօգուտ շինութեանց նախարար Ղազի Արիտիի, կարճատեւ այցելութեամբ Դամասկոս մեկնած ու խորհրդակցութիւններ ունեցած է Սուրիոյ փոխնախագահի օգնական զօր. Մոհամետ Նասիֆի հետ:
Հաղորդագրութիւնը կ՛աւելցնէ. «Սիրալիր ու անկեղծ հասկացողութեան մթնոլորտի մէջ քննարկուած են քաղաքական վերջին իրադարձութիւնները»:
Միւս կողմէ, «Մարքազիէ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Ժոմպլաթ այս առիթով նախագահ Պաշշար Ասատին փոխանցած է եւրոպական երկրի մը նամակը` Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն գծով:
Նշենք, որ Ժոմպլաթ այս առնչութեամբ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը ղրկած էր նախագահ Սլէյմանի մօտ` անոր ներկայացնելու համար այս այցելութեան մթնոլորտը: