ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ ՍՈՒՐ ԲԱՆԱՎԷՃԻ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ ՕՐԷՆՍԴՐԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Օրէնսդրական նիստէն պահ մը

«Եթէ ելեկտրական հոսանք կ՛ուզէք, իջէ՛ք խորհրդարանը գրաւեցէք», յայտարարեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ` իր ընդվզումը արտայայտելով ելեկտրականութեան գծով իր ներկայացուցած մէկ օրինագիծին քննարկման յետաձգման պատճառով:

«Պետութիւնը ոտքի չի կանգնիր առանց հաշուետուութեան` ելեւմուտքի թէ պատասխանատուութեանց գծով», շարունակեց Աուն` քննադատելով նախորդ շրջաններու կառավարութեանց գործունէութիւնը` զանոնք «փտած» որակելով:

Միւս կողմէ, խորհրդարանը երէկ վերստին օրակարգի կէտերու քննարկման ընթացիկ նիստ մը գումարեց, սակայն հետզհետէ արծարծուող հարցերը, յատկապէս ապրուստի մարզի պահանջները սուր բանավէճ ստեղծեցին թեր ու դէմ կողմնորոշուող երեսփոխաններուն միջեւ:

Այս ծիրին մէջ վաւերացուած հիմնական օրինագիծերէն էին.

– Վարձքերու օրէնքի երկարաձգում մինչեւ 30 մարտ 2012:
– 2011-ի պիւտճէին մէջ ներառել ու վարկ տրամադրել հարաւային Լիբանանի եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ բանտերու կառուցման համար:
– Վաւերացում կարգ մը սպաներու պաշտօնի բարձրացման որոշումին:

Share this Article
CATEGORIES