«ՅՈՅՍՈՎ ԵՄ, ՈՐ ՄՕՏԻԿ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՃԱՏՐԱԿԸ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԷ ՁՄԵՌՆԱՅԻՆ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆԻ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ՄԷՋ» Կ՛ԸՍԷ ՖԻՏԷ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀԸ
ՖԻՏԷ-ի նախագահ Քիրսան Իլիումժինով իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ պիտի փորձէ եւ իր ամէն կարելին ի գործ պիտի դնէ, որպէսզի ճատրակը մուտք գործէ ձմեռնային Ողիմպիականի խաղերուն մէջ:
«Այս գծով պիտի դիմեմ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւին, որպէսզի Ռուսիոյ ողիմպիական կոմիտէին հետ կապի մէջ մտնելով անոր առաջարկէ, որ վերջինս իր կարգին Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն համոզէ, որպէսզի 2014-ին Սոչիի մէջ տեղի ունենալիք ձմեռնային Ողիմպիական խաղերուն ճատրակը եւս մուտք գործէ», նշեց Իլիումժինով:
Ան կ՛ուզէ, որ ճատրակը միայն ձմեռնային ողիմպիականին ընթացքին նկատի առնուի, որովհետեւ ամառնային ողիմպիականը ինքնին արդէն բաւական խճողուած է:
CATEGORIES Մարզական


