ՖԻՖԱ-Ն ՎԵՑ ԻՐԱՒԱՐԱՐՆԵՐ ՑՄԱՀ ԿԱԽԱԿԱՅԵՑ
Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` ՖԻՖԱ-ն յայտարարեց, որ վեց իրաւարարներ կախակայեց` նկատի ունենալով, որ անոնք նախորդ փետրուարին տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցումի ընթացքին կաշառք ստացած էին:
Այդ վեց իրաւարարներն են` Սիսինա Զրնիչ, Քենան Պաժրամովիչ, Ռիզահ Ռիտալովիչ (Պոսնիա), Քոլոս Լենկյել, Ժանոս Սսաք եւ Քրիսթիան Սելմեսչի (Հունգարիա):
Անոնք եղած էին Լաթվիա – Պոլիվիա եւ Պուլկարիա – Էսթոնիա մրցումին իրաւարարները:
Սխալ սուլելէ բացի, վերոնշեալ երկու մրցումներուն ընթացքին անոնք երկու մրցումի ընթացքին սուլած էին եօթը փենալթի:
CATEGORIES Մարզական

