ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 5-ՐԴ ԽԱՂԵՐ. ԻՐԱՆԻ ՍՊԱՀԱՆ ՔԱՂԱՔԻ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԷԿ ՀԱՍԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Համահայկական 5-րդ խաղերուն մասնակցող նոր Ջուղայի հայ Մ. Մ. Արարատ միութեան (Իրան – Սպահան) մարզական պատուիրակութիւնը երէկ` հինգշաբթի, 11 օգոստոսին մեկնեցաւ Հայաստան:
Պատուիրակութեան ընդհանուր թիւը 74 է: Իրանահայ մարզիկները կը մասնակցին պասքեթպոլի, փինկ փոնկի, աթլեթիզմի, լողարշաւի (երկսեռ) եւ ֆութպոլի մրցումներուն:
Պատուիրակութիւնը այս խաղերուն կը մասնակցի Սպահանի հայոց թեմական խորհուրդի եւ Նոր Ջուղայի հայ Մ. Մ. Արարատ միութեան Կեդրոնական վարչութեան, կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ մարզական միաւորի վարչութեան միացեալ ջանքերուն շնորհիւ:
Մարզիկ-մարզիկուհիներուն կ՛ընկերակցին Կեդրոնական վարչութեան անդամ Միգանուշ Տէր Մարտիրոսեան, յանձնախումբի անդամներէն Էդուարդ Ղազարեան, Ռազմիկ Ալեքսանտրեան, Վահիկ Ծատուրեան, մարզական միաւորի վարչութենէն Ատիկ Դաւթեան, Զարեհ Յովսէփեան, Համազասպ Պօղոսեան եւ մարզիչներ: Ընդհանուր պատասխանատուն է Ռազմիկ Ալեքսանտրեան:
Նշենք, որ նախքան մեկնումը, պատուիրակութիւնը ստացաւ Շահինշահրի հոգեւոր հովիւ Անանիա վրդ. Գուճանեանի օրհնութիւնը, խորհուրդը եւ պահպանիչ աղօթքը:
Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան բարի երթ մաղթելէ բացի մաղթեց նաեւ, որ մարզիկները յաղթանակներով վերադառնան Հայաստանէն:

