ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 5-ՐԴ ԽԱՂԵՐ. 125 ՔԱՂԱՔ, 3125 ՄԱՍՆԱԿՑՈՂ
Համահայկական խաղերու միջազգային կոմիտէն մինչեւ 5-րդ խաղերուն սկիզբը պիտի շարունակէ մասնակցութեան դիմումներ ընդունիլ:
Երէկ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուած էր, որ մասնակցող քաղաքներուն թիւը հասած է 125-ի, իսկ մասնակցող մարզիկներուն թիւը` 3125-ի:
Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ նշուեցաւ, որ Գանձասարի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ վառած խաղերուն ջահը արդէն իսկ հասած է Խոր Վիրապ:
Նշենք, որ բացման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 13 օգոստոսին, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 21:00-ին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ: Իսկ անոր փակումը տեղի պիտի ունենայ 21 օգոստոսին` Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ:
Համահայկական խաղերուն բացման եւ փակման հանդիսաւոր արարողութիւններուն մուտքը ազատ է:
CATEGORIES Մարզական