ԼՈՒՐԵՐ ԴՊՐԵՎԱՆՔԷՆ. «ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ» ՆԻՒԹՈՎ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ` ԹԵՆԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻՆ ՀԵՏ
Երկուշաբթի, 8 օգոստոս 2011-ին, դպրեվանքին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյցի երեկոյ մը` նուիրուած «Միջեկեղեցական շարժումը» նիւթին, որուն ներկայ գտնուեցան միաբան հայրեր եւ դպրեվանքի սաներ:
Բացման խօսքը արտասանեց դպրեվանքի տեսուչ` Նարեկ արք. Ալեէմեզեան, որ ընդգծեց միջեկեղեցական շարժումին ծանօթացման կենսականութիւնը դպրեվանեցիներու կազմաւորման մէջ եւ ներկայացուց օրուան զրուցավար Թենի Սիմոնեանը:
Սիմոնեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին, եւ ըսաւ, թէ այս սրբազան յարկին տակ դարձեալ գտնուելով` վեհափառը գեղեցիկ առիթը կ՛ընծայէ իրեն միջեկեղեցական ծառայութեան դաշտի իր հունձքերէն դպրեվանեցիներուն հրամցնելու: Ապա, ան հակիրճ կերպով ներկայացուց միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն տեղը ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրներուն դիմաց, մասնաւորաբար շեշտելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բերած եզակի եւ գործօն մասնակցութիւնը Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին: Սիմոնեան կարեւորութեամբ շեշտեց, որ միջեկեղեցական շարժումը եկեղեցիներուն իրարու հետ ըլլալու, իրարմով հարստանալու եւ միասնաբար համայնական հարցերը դիմագրաւելու շարժումն է` խարսխուած Քրիստոսի եկեղեցւոյ երեւելի միութեան հրամայականին վրայ:
Զրոյցը ընդլայնեցաւ հարց-պատասխանի ձեւով եւ Թենի Սիմոնեան իր անձնական փորձառութիւնը կիսելով դպրեվանեցիներուն հետ պատասխանեց անոնց ուղղած հարցումներուն եւ քաջալերեց զիրենք մասնակցելու միջ-եկեղեցական շարժումին: Ան զրոյցը եզրակացուց ըսելով. «Միջեկեղեցական շարժումին մասնակցութիւնը ինծի համար մեծ դպրոց մը եղաւ` աւելի լաւ ճանչնալու եկեղեցիս եւ ազգս»:


