ԻՍՐԱՅԷԼ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ 1600 ԲՆԱԿԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ ԿԸ ՎԱՒԵՐԱՑՆԷ
Իսրայէլի ներքին գործոց նախարարութիւնը իր վերջնական հաւանութիւնը տուաւ բռնագրաւուած Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ 1600 բնակարաններ կառուցելու ծրագիրին:
Իսրայէլեան ներքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը յայտնեց, որ կը նախատեսուի, որ նախարարութիւնը նաեւ վաւերացնէ 2700 յաւելեալ բնակարաններու կառուցման այլ ծրագիր մը:
Նշենք, որ քանի մը շաբաթ ետք, Պաղեստինեան իշխանութիւնը 1967-ի սահմաններով եւ Արեւելեան Երուսաղէմը իբրեւ մայրաքաղաք ունեցող պաղեստինեան պետութեան միջազգային ճանաչումի պահանջով ՄԱԿ-ին պիտի դիմէ: Իսրայէլ բուռն կերպով կ՛ընդդիմանայ այդ ծրագիրին: Երկու կողմերուն միջեւ ուղղակի բանակցութիւնները ներկայիս կանգ առած են եւ զանոնք վերսկսելու որեւէ ծանօթ նախաձեռնութիւն գոյութիւն չունի:
Պաղեստինցի աւագ բանագնաց Սայէպ Օրէյքաթ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «մենք բուռն կերպով կը դատապարտենք իսրայէլեան նոր որոշումը: (Ես Միացեալ Նահանգներուն կոչ կ՛ուղղեմ) վերատեսութեան ենթարկելու պաղեստինեան պետութեան ճանաչման համար ՄԱԿ-ին դիմելու պաղեստինեան քայլին իրենց մերժումը® (Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային) կոչ կ՛ուղղենք զօրավիգ կանգնելու այս մօտեցումին, որովհետեւ անիկա երկու պետութեան լուծումը պահպանելու համար միակ ձեւն է»:
Իսրայէլեան ներքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռոէի Լախմանովիչ ԱՖՓ-ին պնդեց, որ բնակեցման բնակարաններու կառուցման ծրագիրի վաւերացումին դրդապատճառը «տնտեսական» է եւ ոչ թէ քաղաքական: «Ծրագիրները կը վաւերացուին Իսրայէլի մէջ տնտեսական տագնապին պատճառով. անոնք Երուսաղէմի մէջ շինարարութիւն կատարելու վայր մը կը փնտռեն, եւ ասոնք պիտի օժանդակեն: Ասիկա ոչ մէկ ձեւով քաղաքական է, ասիկա պարզապէս տնտեսական է», ըսաւ ան: