«ՆԱՊՈՒՔՕ ԵՒ ԻԹՅ ՆԱԽԱԳԻԾԵՐՈՒ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ ԿԱԽԵԱԼ Է ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԷՆ» Կ՛ԸՍԷ ԵԸԼՏԸԶ
Ազրպէյճանական «1news.az» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Անգարայի մէջ Զուիցերիոյ ուժանիւթի նախարար Տորիս Լոյթհարտի հետ հանդիպումէն ետք Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ յայտնած է, որ Նապուքօ եւ Իտալիա-Թուրքիա-Յունաստան նախագիծերու ճակատագիրը կախեալ է Պաքուի հետ «Շահտենիզ-2» հանքավայրին առնչութեամբ կնքուելիք համաձայնութեան ապագայէն:
«Ազրպէյճանական կողմին հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին, եւ միայն շօշափելի համաձայնագիրներու ստորագրումէն ետք կարելի պիտի ըլլայ խօսիլ այդ խողովակաշարերով կազի արտահանման մասին», ըսած է թուրք նախարարը:
Տորիս Լոյթհարտ իր կարգին ըսած է, որ ազրպէյճանական կազը անվտանգութեան տեսանկիւնէն շատ կարեւոր է Զուիցերիոյ եւ Եւրոպայի համար:
CATEGORIES Միջազգային


