ԸՍՏ «ՌԵԿՆՈՒՄ»Ի ՔԼԻՆԹԸՆ ԱՆԳԱՐԱՅԻՆ ՅԻՇԵՑՈՒՑԱԾ Է ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԻՐ ՈՒՆԵՑԱԾ ՊԱՐՏՔԸ

Հիլըրի Քլինթըն

Ռուսական «Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով շրջանին մէջ իր աղբիւրը, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի յուլիսին Թուրքիա  այցելութեան ընթացքին ուրուագծուեցաւ Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի նոր հեռանկարային քարտէսը ղարաբաղեան տագնապի լուծումէն ետք, որ կապուած է ոչ միայն տագնապի գօտիին մէջ միջազգային խաղաղապահներ տեղակայելու, այլ նաեւ` հակամարտող կողմերուն որոշ տարածքային եւ հաղորդակցութեան փոխհատուցումներու հետ:

Ըստ աղբիւրին, խորհրդակցութիւններուն ընթացքին Քլինթըն յիշեցուցած է, որ «մենք (Միացեալ Նահանգները եւ Թուրքիան) պարտական ենք Հայաստանին, այն ինչ անոր խոստացած է նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն»:

Աղբիւրը կը նշէ, որ այստեղ խօսքը ամենայն հաւանականութեամբ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն վաւերացումէն եւ սահմաններուն բացումէն ետք Հայաստանին դէպի Տրապիզոնի նաւահանգիստ տարանցիկ միջանցքի տրամադրման մասին է:

Իսկ ինչ կը վերաբերի Ազրպէյճանին հատուցում տրամադրելու ծրագիրին, որ կ՛իրականացուի Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մեթիու Պրայզայի գլխաւորութեամբ, «Ռեկնում»ի աղբիւրը նշած է, որ ատիկա «Մեծն Ազրպէյճան»ի ստեղծումը պիտի ըլլայ:

 

Share this Article
CATEGORIES