ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԻՆ ԹԵՐ ԵՒ ԴԷՄ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԵՐ
Սուրիական վարչակարգին համակիրներն ու ընդդիմադիրները երէկ բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին Քրայթեմի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան դիմաց` անջատ դիրքեր բռնելով:
Ըստ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին, այս գիշեր եւս ցոյց մը պիտի կազմակերպուի սուրիական իշխանութեանց դէմ` ընդառաջելով Ժամաա Իսլամիայի կոչին:
CATEGORIES Լիբանանեան