ՌՈԺԷ ՆԱՍՆԱՍ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆԻ

Ռոժէ Նասնաս եւ նախարար Սապունճեան

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ ընդունեց Ընկերային-տնտեսական խորհուրդի նախագահ Ռոժէ Նասնասը, որուն հետ քննարկեց օրուան հրատապ հարցերը եւ յատկապէս ընկերային ու ապրուստի խնդիրները:

Այս առիթով Նասնաս շնորհաւորեց նախարար Սապունճեանը` դրուատելով վերջինիս նախաձեռնութիւնը` Ընկերային-տնտեսական խորհուրդի վերակենդանացման ու անոր ճամբով ապրուստի հարցերուն լուծում գտնելու գծով:

Նախարար Սապունճեան երէկ նաեւ ընդունեց հիւսուածեղէններու գործարաններէն պատուիրակութիւն մը, ապա Չափանիշերու եւ նկարագրականներու հաստատութեան տնօրէն խորհուրդի նախագահը` ընկերակցութեամբ պատուիրակութեան մը:

Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան նշեալ մարզերուն առնչակից հարցերուն վրայ:

Share this Article
CATEGORIES