ՄԱՆՍՈՒՐ ԿԸ ԹԵԼԱԴՐԷ ՈՐԴԵԳՐԵԼ ՀԱՄԱՄԱՍՆԱԿԱՆ ԴՐՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ ՀԻՄՆՈՒԱԾ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔԸ

Ալպեր Մանսուր եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ անջատաբար ընդունեց նախկին նախարար Ալպեր Մանսուրը եւ ապա ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը:

Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան ընտրական օրէնքի ընտրանքներուն եւ օրուան հրատապ հարցերուն վրայ:

Այս առիթով լրագրողներուն կատարած իր յայտարարութեամբ Մանսուր թելադրեց որդեգրել համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը եւ Լիբանանը մէկ ընտրաշրջանի վերածել:

Share this Article
CATEGORIES