ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ՎԷՃԻ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ՊԱՅԹՈՒՄ ՄԸ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ. ԵՐԿՈՒ ԶՈՀ

Դէպքին վայրը` ապահովական հսկողութեան տակ

Երէկ Անթիլիասի մէջ երկու զոհեր խլած պայթում մը վերստին յիշեցուց պատերազմի եւ ահաբեկութեանց դառն յուշերը: Արդարեւ, երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին շուրջ, ձեռնառումբ մը պայթեցաւ Անթիլիասի ներքին ճամբուն վրայ` «Ֆըրսթ Նեշընըլ Պենք»ի կից կառատան մէջ: Նախնական տեղեկութեանց համաձայն, պայթումը պատճառած է 2 զոհ եւ 1 վիրաւոր, իսկ զոհերուն մէկ «բարեկամը» արգելափակուած է:

Դէպքը, որ ցնցեց առանց այդ ալ ապրուստի հոգերով ծանրաբեռնուած լիբանանցիները, դատապարտումի եւ ընդվզումի ալիք մը բարձրացուց ժողովրդային թէ պաշտօնական շրջանակներու մօտ, որոնք պահանջեցին անյապաղ քննութիւն բանալ դէպքին առնչութեամբ:

Աւելի ուշ, պատկերասփիւռի «Մանար» կայանը հաղորդեց, որ երկու զոհերը դրամական հարցերով իրարու հետ վիճած ատեն պատահած է պայթումը: Կարգ մը աղբիւրներ յայտնեցին, որ զոհերէն մէկը անդամ է լիբանանեան ծանօթ կուսակցութեան մը, բայց այս մասին պաշտօնական հաստատում չկատարուեցաւ:

Պայթումէն անմիջապէս ետք դէպքին վայրը փութացին ապահովական եւ պետական անձնաւորութիւններ, յատկապէս շրջանի կարգ մը երեսփոխաններ:

Այս գծով ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ քաղաքական կամ պետական ոչ մէկ անձնաւորութիւն թիրախ չէր պայթումին:

Նշենք, որ նախնական տեղեկութիւնները յայտնած էին, թէ պայթումին վայրը կը գտնուէր նաեւ Պետական շուրայի խորհուրդի անդամ դատախազ Ալպեր Սըրհանի զաւկին` Ալեն Սըրհանի ինքնաշարժը, ինչ որ հաւանական թիրախ ենթադրել տուաւ զինք:

Share this Article
CATEGORIES