ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԻՖԹԱՐԻ ԻՐ ԽՕՍՔԻՆ ՄԷՋ. «ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ՈՐԴԵԳՐԵԼ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԸՆԿՆՈՂ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔ ՄԸ» ՅԱՅՏՆԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ
Նախագահ Միշել Սլէյման երէկ հովանաւորեց Ռամատանի յատուկ իֆթարի երեկոյ մը, որուն ներկայ էին պետական թէ կուսակցական, քաղաքական անձնաւորութիւններ:
Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ նախագահ Սլէյման անհրաժեշտ նկատեց ազգային համերաշխութիւնն ու համակեցութիւնը նկատի ունեցող ընտրական յամար օրէնք մը որդեգրել:
«Ազգային երկխօսութեան կոչ ուղղելով` այս կամ այն խումբը իրարու դէմ լարել կամ գերադասել չէ նպատակս, այլ` կարծիքներու շօշափումը, որպէսզի յարմարագոյն տարազով ներկայանանք Ազգային երկխօսութեան սեղանին», ընդգծեց հանրապետութեան նախագահը:
CATEGORIES Լիբանանեան


