50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (13 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ՎԱԶԳԷՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ԵՐԵՒԱՆԻ ՁԱՅՆԱՍՓԻՒՌԷՆ

Ամսոյս 6-ին Երեւանի ձայնասփիւռէն խօսեցաւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա.` արտայայտելով դէպի Թուրքիա իր կատարած ճամբորդութեան տպաւորութիւնները:

Նախ մանրամասնութիւններ տուաւ Գարեգին պատրիարքի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւններու մասին եւ բացատրեց վախճանեալ պատրիարքի յաջորդին ընտրութեան ձեւակերպութիւնները:

Յետոյ խօսելով Պոլսոյ եկեղեցական կեանքի մասին` վեհափառը յայտնեց, թէ շատ գոհացուցիչ գտած է զայն: «Հայերը կ՛ապրին հոն կազմակերպուած եկեղեցական համայնքային կեանքով, լաւ կազմակերպուած են դպրաց դասերը»:

Վեհափառը խօսեցաւ նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Կիւրսելի հետ իր ունեցած տեսակցութեան մասին.-

«Յոյժ մխիթարական է մեզ համար հաստատել նաեւ, թէ այնտեղ պետական իշխանութիւնը հայ եկեղեցիներու հանդէպ բարեացակամ եւ ուշադիր վերաբերմունք ունի:

«Մեզի հաղորդեցին, թէ հայ եկեղեցւոյ հարցերը պիտի լուծուին լայնախոհ եւ ազատամիտ վերաբերմունքովը վերին իշխանութեանց: Մանաւանդ նախագահ զօր. Ճեմալ Կիւրսելի հետ մեր ունեցած տեսակցութենէն մենք լաւագոյն տպաւորութիւնները ունեցանք: Առաջին իսկ վայրկեանէն մտերմիկ ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ մեր միջեւ, եւ մեր խօսակցութիւնը ընթացաւ շատ սիրալիր: Նախագահը խօսեցաւ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան եւ պետական բարեկամութեան մասին` ցանկութիւն յայտնելով, որ կրօնները եւ հոգեւորականները աշխատին այս նպատակին իրականացման համար»:

ՎԻՔԹՈՐ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱՆ ՄԱՐՏԻԿԵԱՆԻ
ՀԻՒՐԸ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ

Սան Ֆրանսիսքոյէն Լեւոն Քէշիշեան կը գրէ.-

Տէր եւ տիկին Ճորճ Մարտիկեաններ յուլիս 30-ին իրենց բնակարանին մէջ հիւրասիրեցին Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ` Հերպըրտ Հուվըր եւ մօտ 30 ուրիշ բարձրաստիճան ամերիկացիներ: Հիւրերը հայկական համով կերակուրներով հիւրասիրուեցան:

Մենք ալ ընտանեօք մօտ շաբաթ մը հիւրասիրուեցանք Մարտիկեաններու բնակարանը ու ծանօթացանք իր հիւրերուն:

Այս ամսուան վերջաւորութեան Վիքթոր  Համբարձումեան Սան Ֆրանսիսքօ պիտի այցելէ ու Մարտիկեան զայն պիտի հիւր%

Share this Article
CATEGORIES