ՍՊԱՆԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԳԵՐԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՎԱՂԸ` ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ – ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ ԵՐԹԻ ՄՐՑՈՒՄԸ

Վաղը` կիրակի, 14 օգոստոսին, Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի երթի մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ երկրին ամէնէն շատ ժողովրդականութիւն ունեցող եւ աշխարհի ամէնէն հարուստ ակումբներէն Ռէալ Մատրիտը եւ Պարսելոնան: Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 23:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), տեղի պիտի ունենայ Ռէալի «Սանթիակօ Պեռնապէօ» դաշտին վրայ: Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 17 օգոստոսին, «Նու Քամփ»ի մէջ:

Իբրեւ մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլա «Սանթիակօ Պեռնապիօ կատարած իր չորս այցելութիւններուն ընթացքին արձանագրած է երեք յաղթանակ եւ մէկ հաւասարութիւն: Հետեւաբար, ան պիտի փորձէ նոյն այս յաղթական ընթացքը շարունակել:

Սակայն ան քիչ մը մտահոգ է այսօրուան մրցումով, որովհետեւ ունի վիրաւորներ: Անոնք են` Քարլես Փույոլ, Ժերար Փիքէ, Զաւի, Մաքսուել եւ Իպրահիմ Աֆելայ:

Սակայն բաժակակիր Պարսելոնա պիտի փորձէ իբրեւ տարեշրջանի բացման մրցումը նկատի առնուած այս ճակատումը լաւ ձեւով սկսիլ, հակառակ անոր որ խումբին նախապատրաստական փորձ-մրցումները այդքան ալ տպաւորիչ չէին:

Ինչ կը վերաբերի մայրաքաղաքի կազմին, անիկա իր նախապատրաստական փորձ-մրցումներուն արձանագրեց բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ` յաղթելով բոլորին (եօթը): Խումբին մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ կը յուսայ իր երկրորդ տարեշրջանին շատ աւելի լաւ արդիւնք արձանագրել` որոշ չափով մը ծանօթացած ըլլալէ ետք սպանական խումբերուն:

Ինչպէս միշտ, այս մրցումը անգամ մը եւս կը խոստանայ ըլլալ հետաքրքրական ճակատում մը:

 

Share this Article
CATEGORIES