ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 5-ՐԴ ԽԱՂԵՐ. ԱՅՍՕՐ` ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄԸ
Այսօր` շաբաթ, 13 օգոստոսին, ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ Համահայկական 5-րդ խաղերուն պաշտօնական բացումը:
Մինչեւ 21 օգոստոս Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւան պիտի վայելէ աշխարհի չորս տարածքէն ժամանած իր հայորդիները, որոնք իբրեւ մէկ ընտանիք անմոռանալի օրեր եւ պահեր պիտի ապրին մայր հայրենիքին մէջ:
Նշենք, որ խաղերուն փակումը տեղի պիտի ունենայ 21 օգոստոսին` Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ:
CATEGORIES Մարզական

