ԵՐԲ ԹԱՐԳՄԱՆԻՉԸ ՆՈՅՆՔԱՆ ՀՄՏՈՒԹԵԱՄԲ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԲԻՒՐԵՂՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԲՆԱԳԻՐԸ

Վերջերս լիբանանեան «Նահար» թերթին մէջ լոյս տեսաւ «Հէյք Հէյք» խորագրեալ եւ Ռոպէր Հատտեճեանի (Պոլսոյ «Մարմարա» թերթի խմբագրապետ) ստորագրութիւնը կրող յօդուածը:

Խորքին մէջ անիկա նախապէս Պոլսոյ «Մարմարա» թերթի արտօնատէր, խմբագրապետ Ռոպեր Հատտեճեանի «Յուշատետր»էն «Մէկը այսպէս, միւսը այնպէս» խորագրեալ յօդուածի թարգմանութիւնն է արաբերէնով` Կիրակոս Գույումճեանի կողմէ:

Ուշագրաւը այն է, որ որքան հետաքրքրութեամբ ու հեղինակին նկատմամբ ակնածանքով կը կարդանք Հատտեճեանին յօդուածը, նոյնքան քաշողականութեամբ կը մղուինք շարունակելու անոր արաբերէն տարբերակին ընթերցումը:

Փաստօրէն, Գույումճեան հմուտ դարձուածքներով յաջողած է վարպետօրէն ընթերցողին փոխանցել յօդուածի հայերէն բնագիրի տրամադրութիւնները: Եւ իսկապէս, այն փիլիսոփայութիւնը, որ կը դրսեւորէ Հատտեճեան կեանքի մէջ զանազան մարզերու հմուտ մարդոց դերակատարութեան ու անոնց միջեւ լուռ համախոհութեան գծով, նոյնքան սերտօրէն կը պարզուի Կիրակոս Գույումճեանի թարգմանութեան մէջ:

Հայ լրագրութեան մէջ յաճախ կը հանդիպինք քաղաքական, ընկերային, թէ այլ մարզերու առնչուող նիւթերու թարգմանական գրութեանց:

Սակայն կեանքի, ապրելու կենցաղային ոճերու գրական հունաւորումով ներկայացումի թարգմանութիւնը ինքնի՛ն արուեստ է:

 

Share this Article
CATEGORIES