ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ` ԱՊԻԵՒ – ՍԵՐՏԻՈՒՔՈՎ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Սերտիուքով եւ Ապիեւ

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները` վկայակոչելով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ  ծառայութիւնը, կը հաղորդեն, որ Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցած է:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Անաթոլի Սերտիուքովի մամլոյ քարտուղար Իրինա Քովաչուք յայտնեց, որ «Անաթոլի Սերտիուքովի եւ Սաֆար Ապիեւի միջեւ տեղի ունեցած աշխատանքային հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկկողմ զինուորական համագործակցութեան վերաբերող խնդիրները: Յատկապէս մեծ ուշադրութիւն յատկացուած է Կապալայի ռատարի կայանի հետագայ օգտագործման հեռանկարին»:

 

Share this Article
CATEGORIES